Հրատարակուած է յետ մահու, Լոս Անճելըսի մէջ, մեկենասութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Տէյվիտ եւ Էլիզապէթ Ապրամսներու:
Սոյն ժողովածուն իր մէջ կը համախմբէ Ս. Բուրսալեանի տարիներու վաստակին արդիւնքը հանդիսացող յօդուածները, ընդ որում՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ իր նշանաւոր հարցազրոյցը:
Սուրէն Բուրսալեան ծնած է Պէյրութ 1929ին: 1946ին ընտանիքին հետ կը ներգաղթէ Հայասան: Յաջորդ տարին իսկ կ՛ընդունուի Երեւանի գեղարուեստա-թատերական համալսարան: 1951ին զոհ կը դառնայ սթալինեան վարչակարգի սուտ պատճառաբանութիւններուն եւ իբրեւ քաղաքական յանցագործ կ՛աքսորուի Սիբիր:
Հինգ տարի աքսորի տանջանքներուն ենթարկուելէ ետք կը վերադառնայ հայրենիք եւ Հայաստանի առաջին հեռատեսիլի յայտագրի գեղարուեստական բեմադրիչի գործը կը ստանձնէ: 1980ին Բուրսալեան իր ընտանիքով կը հաստատուի Ամերիկա:
1984ին կը հիմնէ «Փարոս»ը, որ հրատարակուեցաւ մինչեւ իր մահը՝ 1990: «Յօդուածների ժողովածու»ն Սուրէն Բուրսալեանի տասնամեակներու վրայ երկարող աշխատանքի այգին է: