ԵՍ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ ՈՒՆԻՄ
Հոկտեմբեր ամիսը մշակոյթի ամիս է։ Ես գաղափար մը ունիմ եւ կ՛ուզեմ ընկերներուս համոզել, որ պարուսոյց մը հրաւիրենք եւ մեզի հայկական շուրջպար սորվեցնէ, որպէսզի այս ամսուան վերջը մշակոյթի հանդէսի օրը պարենք։
Ընկերներս ըսին՝ Յակոբ իսկապէս լաւ գաղափար մըն է։ Բոլորս ալ ուրախացանք, որ պիտի ծանօթանանք ու սորվինք հայկական պար։ Մեր ուսուցիչներն ալ մեզի քաջալերեցին։
ՅԱԿՈԲ-ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ, 4ՐԴ ԿԱՐԳ
ՆԱՅԻՐԻ ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑԸ
Ամէն օր պարի կ՛երթամ Նայիրի Պարի Դպրոցում։ Պարուսոյցը Տիկ. Ժանան կ՛ըսէ, որ նուրբ ձեռքերով պարենք, որովհետեւ մշակոյթի օրը կը մօտենայ։ Օր մը, Տիկ. Ժանան ըսաւ, որ նոր աշակերտ մը պիտի արձանագրուի մեր խումբին։ Անունը Մարիամ է։ Յանկարծ, Տիկ.Ժանան գաղափար մը ունէր մշակոյթի համար։ Ան կ՛ուզէ շուրջպար մը պարենք եւ համոզեց Մարիամին եւ ինձ մենակատարներ ըլլանք։
Մայրս շատ կը սիրէ հարաւիրել եւ ծանօթացնել իմ ընկերներս մեր տունը։
Հանդէսը իսկապէս կը մօտենար։ Անհամբերութեամբ կը սպասենք։ Վերջապէս եկաւ օրը եւ մեր շուրջպարը պարեցինք անսխալ։ Դրա համար Մարիամը մեր տունը եկաւ։
ԷԼԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՏՕՆԸ ՄԵՐ ԴՊՐՈՑՈՒՄ
Անցած Ուրբաթ, մեր ամբողջ դպրոցը տօնեց հայկական մշակոյթի օր։
Կէսօրէն վերջ մեծ իրարանցում էր դպրոցի բակը։ Շատ աշակերտներ տեսակ-տեսակ նուագարաններ բերած էին եւ շատ գեղաեցիկ կը նուագէին։ Խումբ մը աշակետներ շուրջպար կը պարէին։ Պրուսոյցը կը հետեւէր, որ աղջիկները նուրբ շարժումներով իրենց դաստակները շարժեն։ Շատ ծնողներ հրաուիրուած էին հանդէսին։ Աղջիկները խանդավառուած այդ պարերէն կը համոզէին իրենց ծնողներին, որ արձանագրուին պարի դասընթացքներին։ Շատ հաճելի ժամանակ անցուցինք այդ օրը։ Իսկապէս լաւ գաղափար է մշակոյթի տօնը նշելը այս տեսակ հանդէսներով։
ԱՐՄԱՆ ՏԷՐ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆ
ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԸ
Դպրոցը հայկական մշակոյթի օր տօնեցինք։ Իսկապէս գեղեցիկ օր մըն էր։ Ունեցանք հանդէս մը եւ ետքը խրախճանք։ Հանդէսի ժամանակ շուրջպար պարեցինք եւ երգեր երգեցինք։ Բոլոր ծնողները հրաւիրեցինք եւ նուագարաններ բաժնեցինք, որ բոլորը ծանօթանան անոնց երգերուն։ Գաղափարը այն էր, որ համոզենք մեր ծնողներուն, որ ընկերակցին մեզի երբ մենք կ՛երգէինք։ Օրուան վերջը բոլորը շատ ուրախ էին երբ տուն գացինք։
ՍԵՐՈԲ ՃԷՃԷԵԱՆ