ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Հանրագիտակ «Լոյս»ը՝
Ամէն հայու, ամէն տարիքի եւ սեռի յարմար գիրք։
Հեղինակը՝ Յովսէփ Նալպանտեանն է. գիրք հրատարակող, անյագօրէն գիրք կարդացող, գիրք որոնող, գիրք հաւաքող, պահպանող տիպար մը, որ վստահաբար ներկայ ժամանակներուն մէջ սակաւ համախոհներ կարենալ գտնել ձեւաւորելու համար համապատասխան ակումբ մը։
Յ. Նալպանտեան փոքր տարիքէն՝ այն ատեն հալէպցի համեստ ընտանիքի մը մանչուկ, մղուելով գրքերու աշխարհ, ի վերջոյ կը հասնի Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական «ֆակուլտէտ», ուր բանաւոր գիտութեանց ծառայութեան դաշտը պրպտումներու, յայտնաբերումներու սահման չունի։ Ծառայական ասպարէզ՝ մշակոյթի սիրով, մշակոյթ սիրողներուն։ Ստոյգ՝ ճիշդ տեղն ու միջավայրը՝ հետաքրքրութիւններն ու ձգտումները կամ կեանքի իր արեւելումը բաւարարելու։
2009: Հրապարակի վրայ են հանրագիտակ 5րդ եւ 6րդ երկուորեակ, ծաւալուն գիրքերը (միասին 732 մեծադիր էջ)։ Խորագիրը՝ «Լոյս»ն է. նիւթը՝ իմացական լոյսը։
Առաջին «Լոյս»ը կեանքի կոչուած է 1999ին։ Յաջորդական տարիներուն՝ «Լոյս», դարձեալ «Լոյս»։ Շուտով սպառած են անոնք եւ արժանացած երկուքէ աւելի վերատպագրութիւններու («Լոյս» 1-4 հրատարակուած են 11 անգամ, վեց տարուայ ընթացքին)։ Արագընթաց է «Լոյս»երու սպառումը։ Առաջինէն չորրորդ հատորներ ունեցողները անկասկած պիտի սպասեն 2009ի 5րդ եւ 6րդ հատորներուն։
Այսուհանդերձ ինչպէս առաջին կամ նախորդող չորս հատորները նաեւ 5րդ եւ 6րդ նորատիպերը ունին իւրայատուկ դիմագիծ, յատուկ ներաշխարհ։ Իւրաքանչիւրը անկախ հանրագիտակ է, որ ունի ուրոյն շեշտադրութիւն որոշ բնաշխարհի, գիտելիքներու, գիւտերու եւ կեանքի հանգրուաններ կերտող գլխագիր դէմքերու եւ տիպարներու։
Բոլորը՝ մարդկային միտքը բաւարարող ծանօթութիւններ եւ գիտելիքներ. Շաւարշ Նարդունին պիտի ըսէր. «Բանե՜ր, բանե՜ր, ի՜նչ բաներ…»։
«Լոյս»երուն որեւէ մէկ հատոր մեր տրամադրութեան տակ, կը փոխադրէ մեզ գրատուն։
Գրատո՜ւն։
Անմիջապէս կը զգանք որ տարբեր վայր է ան, տարբեր միջավայր։ Հոն՝ ինքնուրոյն մթնոլորտ է. կը յատկանշուի լրջութեամբ, լռութեամբ, խաղաղութեամբ, խորհուրդով։ Ամէն կողմ գրքեր են, մարդկային մտքի շիթեր, թռիչքներ՝ ապրուած ու անմահացուած օրերու։ Խտացուած տարիներ են անոնք. բիւրեղացած մարդեր. էակներ՝ որոնցմէ ոմանք թէկուզ մեկնած, բայց էութեամբ ու շունչով ներկայ. ներկայ՝ բանիւ եւ մտքով…։
Չկայ ապրող էակ որ չսիրէ զանոնք. գրքե՛րը։ Կարելի է չգնել, կարելի է չկարդալ. բայց՝ կարելի չէ չսիրել։ Այդպէ՛ս են գրատուներու բնակիչները. գրքերը. կողք կողքի, խաղաղ, համերաշխ. ամէն մէկը իր աշխարհով, իր գաղափարներով։
Հայկական գրատուները թիւով շատ չեն. ամբողջ քաղաքին մէջ՝ քանի մը հատ. քանի մը տուն։ Փոքրածաւալ են անոնք. թէեւ՝ խիտ։
Օտար գրատուները երբեմն պասքեթպոլի դաշտ են. ընդարձակ, ծաւալուն, ուր՝ կարելի է նոյնիսկ հանգիստ սուրճ առնել, հիանալ եւ պրպտել։ Հիացումդ հոն՝ անշուշտ աւելի մեծ կ՛ըլլայ. գրքեր, գրքեր ի՜նչ գրքեր։ Հրաշալի տպագրութիւն, պատկերազարդում. նիւթեր, նիւթեր ի՜նչ նիւթեր…։
Անհասկնալի՞ն։ Օտար միջավայրին մէջ անհասկնալին՝ անշուշտ նաեւ կարեւորագոյնը՝ օտար լեզուներն են. քանի, քանի՜ լեզուներ. անոնք թէեւ անծանօթ՝ բայց մտածել կու տան։ Կը խորհրդածես. այսպիսի բովանդակութեամբ, նման շքեղ տպագրութեամբ գրքեր, նիւթեր, մենք ալ ունի՞նք։
Պատասխանը դրական է։
– Այո՛, հայ գրատուներն ալ նման որակով գրքեր ունին. ծաւալուն, պատկերազարդ, գունաւոր։ Նոյնիսկ՝ աւելի մատչելի։ «Լոյս»ը եւ «Լոյս»երը օրինակներ են։ Անոնց մէջ, այս պարագային՝ հայերէնով կը գտնես յիշեալ անծանօթ օտար լեզուներով ստեղծագործած մտքի… բաները. արուեստ, գիտութիւն, երաժշտութիւն, կրօն, ճարտարապետութիւն, շինարարութիւն, պատմութիւն, մշակոյթ, հանճար. առաւել՝ քիչ մը ամէն բան որ մարդկային է եւ ընդհանրական։
Շնորհաւորելի է «Լոյս»ի եւ «Լոյս»երու հեղինակ երիտասարդ գիտնականը, որուն ջանադրութեան իբր արդիւնք լոյսին բերուած 6 հատորները (ընդհանուր 2062 էջ), հայ կամ օտար մշակութային ընկերակցութիւններ, հաւանաբար իրագործէին խմբական, մեծաթի՛ւ մտաւորականներու հաւաքական աշխատանքով։
Շնորհաւորութիւնները առաւել արդարացի պիտի ըլլան երբ յայտնենք, որ բանասէր Յովսէփ Նալպանտեան իր հրատարակութիւնը Երեւանի մէջ կատարելէ ետք, հաճոյքն ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի բոլո՛ր դպրոցներուն՝ թիւով աւելի քան 1600, զոյգ հատորները նուիրել, որուն համար՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան նախարարը իր գնահատանքը արձանագրած է (տեսնել էջ 7, հատոր 5 եւ 6)։
Պէտք է աւելցնել, որ հեղինակը նոյն նախանձախնդրութեամբ Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներու կարգին, «Լոյս»երը նուիրած է նաեւ Քալիֆորնիոյ եւ սփիւռքի 9 երկիրներու մէջ գործող հայկական դպրոցներուն (մօտ 170 դպրոց) եւ մամուլին։
«Լոյս»ը կամ «Լոյս»երը ստոյգ պիտի գեղեցկացնեն մեր գրադարանները. կրնան փոխարինել՝ նոյնիսկ տան սեղանին պատուաւոր թաղարները։
«Լոյս»երը կարելի է ստանալ Կլէնտէյլի հայկական գրախանութներէն։