ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Ուրբաթ Նոյեմբեր 20ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մարտիկ Պօղոսեան, այցելեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան նորագոյն իրադարձութիւնները՝ կառավարութեան կազմութեան լոյսին տակ։
Հանդիպումէն ետք Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութեանց կատարուած այցելութիւններուն ծիրին մէջ, զօր. Լահուտի տրուած այցելութիւնը եղած է կարեւոր։ Ան աւելցուց, որ Կեդրոնական կոմիտէն կը բաժնէ զօր. Լահուտի այն գաղափարը, թէ երկարաշունչ պայքարէ ետք կարելի եղած է ապագայի նկատմամբ դրական քայլ մը առնել՝ կառավարութեան կազմութենէն եւ մեծ լաւատեսութենէ ետք։
Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանան կը գտնուի կայունութեան եւ մտահոգութիւնները փարատելու հանգրուանին մէջ։
Ժոմպլաթի Մօտ Միւս կողմէ, Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը նախապէս այցելած էր նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, որուն հետ քննարկած էր Լիբանանի քաղաքական ընդհանուր իրավիճակին վերաբերող իրադարձութիւնները։