ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Շաբաթ Նոյեմբեր 21ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահի բացումը ներկայութեամբ լիբանանահայ գաղութի կուսակցական, յարանուանական, միութենական ներկայացուցիչներուն:
Բացման խօսքը կատարեց «Ազդակ»ի խմբագրակազմէն Նարէ æանեան: Խօսք առին «Ազդակ»ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, «Փիւնիկ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ դոկտ. Լեւոն Սարգսեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: