ՄՈՍԿՈՒԱ.- Նոյեմբեր 19ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ «Եւրոպայում անվտանգութեան նոր կառուցուածքի հեռանկարները. Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕի դերը» միջազգային համաժողով, որ կազմակերպուած էր «Արդար աշխարհ» հաստատութեան եւ «Ֆրիտրիխ Էպերթ» հիմնադրամի կողմէ: Այնտեղ քննարկուած են հետեւալ թեմաները՝ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան նոր կառուցուածքի անհրաժեշտութիւնը եւ եւրոպական անվտանգութեան նոր պայմանագրի շուրջ բանավէճը, Ուքրանական նախընտրական իրավիճակը Ռուսաստանի անվտանգութեան ծիրին մէջ, Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի համար Աֆղանական «նարկոթրաֆիկ»ի (թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեանԽմբ.) վտանգները, Շանհայեան կազմակերպութեան դերը տարածաշրջանին մէջ, անվտանգութեան ապահովման հարցերը Կովկասի մէջ։
Զեկուցումներով հանդէս եկած են՝ «Ֆրիտրիխ Էպերթ» հիմնադրամի Ռուսաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Ռայնխարդ Կրում, Հեսսէնի խաղաղութեան եւ հակամարտութիւններու հաստատութեան ղեկավար Հանս-Եոաքիմ Շպանկեր, գերմանական «Գիտութիւն եւ քաղաքականութիւն» հիմնադրամի գիտնական Մարկրիթ Քլայն, ՌԴ պետական պատգամաւորներ՝ Նիկոլայ Լեւիչեւ, Գեննադի Գուդկով, Թաթիանա Մոսկալկովա, Սեմէոն Պաղտասարով, Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու հաստատութեան գիտնական Անտրէյ Զակորսկի, Ալեքսանտր Լուկին, Լէոնիդ Գուսեւ եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեան։
Հանդէս գալով Կովկասի անվտանգութեան հարցերու մասին զեկուցումով մը, Եուրի Նաւոյեան անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մասին։ Ան մասնաւորապէս շեշտած է, որ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մէջ պարունակուող շարք մը դրոյթներու եւ արձանագրութիւններու վաւերացումը Ղարաբաղի հարցին մէջ հայկական կողմի զիջումներով պայմանաւորելու Թուրքիոյ կեցուածքը՝ ոչ միայն չեն տանիր հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման, այլ կը բարդացնեն նաեւ տարածաշրջանային այլ գործընթաց մը՝ անկանխատեսելի դարձնելով ղարաբաղեան կարգաւորման շուրջ հետագայ զարգացումները։
ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակի պատասխանատուն ընգծած է, որ այդ հարցին որոշակիօրէն կը նպաստէ նաեւ այն, որ միջազգային յարաբերութիւններու ներկայ փուլին մէջ, Ռուսաստան-արեւմուտք «վերալիցքաթափման» շրջանակներուն մէջ, կը նկատուի ժամ առաջ որեւէ բարդ տարածաշրջանի մէջ, ընդ որում Կովկասի, համատեղ արդիւնք ցոյց տալու գայթակղութիւն։ Այդ կրնայ յանգեցնել ոչ ամբողջական լուծումներու ու պարտադրանքներու, որոնք տարածաշրջանին անվտանգութեան նպաստելու փոխարէն կրնան նոր հարցեր յառաջացնել։