ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 21ին Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մոսկուայի մէջ մասնակցած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) Խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստի աշխատանքներուն, եւ նոյն օրը ելոյթ ունենալով ՍԾՏՀ ԽՎ լիագումար նիստին, յայտնած է, թէ Հայաստան մեծ նշանակութիւն կու տայ տարածաշրջանային համագործակցութեան գործընթացներուն, որուն համար հանդիսացած է ՍԾՏՀին եւ անոր խորհրդարանական կառոյցին հիմնադիրներէն մէկը: Նոյեմբեր 23ին տեղի ունեցած է ՀՀ ԱԺ նախագահին հանդիպումը Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մէհմէթ Ալի Շահինի հետ, որ նոյնպէս կը մասնակցէր ՍԾՏՀ ԽՎ մոսկովեան հանդիպումին: Զրուցակիցները փոխադարձաբար ներկայացուցած են իրենց երկիրներու խորհրդարաններուն կառուցուածքին եւ գործունէութեան առանձնայատկութիւնները, եւ տեսակէտներ փոխանակած՝ առանց նախապայմաններու երկկողմ յարաբերութիւններ հաստատելու գործընթացին շուրջ: Պարոն Աբրահամեան ընդգծած է, որ հայկական կողմին համար անհրաժեշտ է, որ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները վաւերացուին ողջամիտ ժամկէտներու մէջ: Երկու խորհրդարաններուն ղեկավարները բարձր գնահատած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Նախագահներուն համարձակ համատեղ աշխատանքը։