ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք զինուորականներու կողմէ պատրաստուած եւ մասնաւորաբար ոչ-իսլամները ահաբեկելու հեռապատկերով գրի առնուած Վանդակի գործողութեան դէմ ընդհանուր հակազդեցութիւնը սկսաւ ընդլայնել իր շրջանակը։ Ուշագրաւ է, որ «Թարաֆ» թերթի կողմէ կատարուած առաջին հրապարակումէն ետք, միայն մէկ կամ երկու թերթեր արձագանգած էին այս զգայացունց լուրին, մինչ միւս գլխաւոր թերթերը ընդհանրապէս լռութիւն պահած էին: «Թարաֆ» առանձին մնացած ըլլալ կը թուէր, մանաւանդ, որ զինուորական իշխանութիւնները կը սկսէին ամբաստանութիւններ ուղղել այդ թերթին դէմ:
Սակայն «Զաման» որ «Թարաֆ» թերթին անմիջապէս արձագանգած թերթերէն մէկն էր, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25ին դիտել կու տայ, որ լռութիւն պահող գլխաւոր թերթերուն յօդուածագիրները սկսան անհանգստութիւն արտայայտել: Ասիկա զարմանալի չէ, որովհետեւ պատրաստուած խափանարարութիւնը ծայր աստիճան ծանր էր։ Անոնք պիտի սկսէին ոչ-իսլամները սպաննել, մանուկներու այցելած թանգարաններու մէջ ռումբեր պայթեցնել, հրկիզումներ ընել, ապա այս բոլորը պիտի բեռցնէին պահպանողական շրջանակներու ուսերուն, որպէսզի կառավարութիւնը տապալէր։
«Միլլիյէթ»ի մէջ, Հասան Ճէմալ գրեց հետեւեալը. «Ինչո՞ւ կը լռենք։ Լրագրողը լուր հրատարակելէ չի վախնար եւ «Թարաֆ»ի մէջ հրատարակուած Վանդակի գործողութիւնը իրապէս այնպիսի լուր մըն է, որուն մասին պէտք է խօսուի։ Սպայակոյտի նախագահութիւնը այդ փաստաթուղթը պատրաստողին չի դպնար, բայց ատոր փոխարէն յանցագործութեան ամբաստանութիւն կ՛ուղղէ «Թարաֆ»ին։
Զարմանալին այն է, որ այսքան զգայացունց փաստաթուղթ մը տակնուվրայ չըրաւ հանրային կարծիքը։ Ինչո՞ւ կը լռենք։ Ի՞նչ բանէ կը վախնանք երբ կը լռենք այսպիսի ծրագրի մը դիմաց որ իրեն թիրախ կ՛ընտրէ այս երկրին փոքրիկ մանուկները, մեր ոչ-իսլամ հայրենակիցները, եւ կը պատրաստուի տակնու վրայ ընել բովանդակ Թուրքիան»։
Նաեւ, «Հապէր թիւրք»ի աշխատակից Ումուր Թալու հարց կու տայ, թէ ի՞նչ կը պատահի եթէ պնդուածներուն միայն կէսը ճիշդ ըլլայ։
«Սապահ»ի մէջ, Նազլը Ըլըճաք անդրադարձած է այս խնդրին, եւ կը յիշեցնէ վարչապետին այն խօսքը թէ «այս ժողովուրդը անհրաժեշտ պատասխանը կու տայ մեզ վանդակի մը մէջ բանտարկել ցանկացողներուն»։