ԻՐԱՆ.– Իրանական հեռատեսիլի ընկերութեան մը համաձայն, Իրանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու հիւպատոսական բաժիններու ղեկավարներուն եւ պատուիրակութիւններու անդամներուն համատեղ երկօրեայ նիստի ընթացքին, քննարկուած են երկու երկիրներու անցագիրներուն փոխադարձ դիւրացման հարցերը՝ անցագիրներուն համար վճարուող տուրքերը նուազեցնելու կապակցաբար:
Հաղորդագրութեան համաձայն քննարկուած են նաեւ երկկողմ տնտեսական կապերու զարգացման, ուսանողներու փոխանակման, իրաւական բնագաւառի մէջ համագործակցութեան մակարդակի բարձրացման, թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի, երկու երկիրներու տարածքին մէջ ձերբակալուած անձանց փոխանակման, երկու երկիրներու ոստիկանութիւններուն միջեւ համագործակցութեան եւ սահմանամերձ շրջաններու համագործակցութեան զարգացման հարցերը: Նշենք, որ հիւպատոսական հարցերով, ասիկա Իրանի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւններուն վեցերորդ համատեղ նիստն է: