ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 25ին, արժանթինահայ յայտնի գործարար Էտուարտօ Էռնեկեան հանդիպած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Նախագահը կարեւոր համարած է, որ «Զուարթնոց» օդակայանի նոր համալիրին շինարարարական աշխատանքները ամբողջութեամբ աւարտին նախատեսուած ժամկէտին՝ հաշուի առնելով, որ անիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ, 2011էն սկսեալ, իւրաքանչիւր տարի շուրջ 3 մլն. ուղեւոր սպասարկելու։
Նախագահը յատուկ կարեւորութիւն տուած է ագարակապանութեան եւ սնունդի վերամշակման շուկաներու զարգացման ուղղութեամբ՝ հայազգի գործարարին կողմէ ներդրուող ջանքերուն ու նախատեսուած յառաջիկայ ընելիքներուն: Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստան կը խրախուսէ նորարարութեան եւ թարմ գաղափարներու ներդրումը գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ:
«Ժամանակակից տեխնոլոգիաների, թարմ մտայղացումների ու նոր լուծումների ներդրումը գիւղատնտեսութեան բնագաւառում իր յետեւից կարող է տանել այլ ոլորտների զարգացումը եւս եւ լաւ հիմքեր կը ստեղծի գիւղական համայնքների ընդհանուր զարգացման համար», նշած է Սերժ Սարգսեան: