ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան հարցերու նախարարութեան հաշմանդամներու եւ տարեցներու հիմնահարցերու վարչութեան բաժնի գլխաւոր մասնագէտ Արփինէ Յակոբեանին, Երեւանի անօթեւաններու ժամանակաւոր կացարանին մէջ՝ 2006էն ի վեր ապաստանած է աւելի քան 900 մարդ, որոնց հետ անհրաժեշտ աշխատանքներ իրականացնող յատուկ մասնագէտներուն շնորհիւ՝ շատերը արդէն վերադարձած են իրենց ընտանիքներուն մօտ, շատերը ընդունուած են աշխատանքի, իսկ ծերերը տեղաւորուած են ծերանոցներու մէջ: