ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժնին մէջ, Նոյեմբեր 24ին աւարտած է հայ մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան 125 ամեակին նուիրուած հանրապետական գիտական նստաշրջանը, որուն ընթացքին՝ բանաստեղծի ստեղծագործութեան առանձնայատկութիւններուն մասին զեկոյցներով հանդէս եկած են անուանի գրականագէտներ եւ ԵՊՀի ուսանողական գիտական խորհուրդի անդամներ։
Նշենք, որ նստաշրջանը սկսած էր Նոյեմբեր 11ին՝ կազմակերպութեամբ Երեւանի պետական համալսարանին, ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան հիմնարկին եւ Հայաստանի գրողներու միութեան: