ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նոյեմբերի 19ին նախագահ Սերժ Սարգսեան հայ-թրքական արձանագրութիւնները աննկատ, առանց հրապարակային յայտարարութեան ներկայացուց Սահմանադրական դատարան:
Հայաստանի օրէնսդրութեան համաձայն, բոլոր միջազգային պայմանագրերը պէտք է ներկայացուին Սահմանադրական դատարան, նախքան Ազգային ժողովի կողմէ անոնց քննարկումը՝ առ ի վաւերացում: Արձանագրութիւնները Հոկտեմբերի 10ին ստորագրուած էին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարներու կողմէ, իսկ մինչ այդ, Օգոստոս 31ին, երկու կողմերը հրապարակաւ պարտաւորութիւն ստանձնած էին «իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դնելու»՝ արձանագրութիւնները «խելամիտ» ժամկէտի մէջ վաւերացնելու համար:
Հաշուի առնելով այն փաստը, որ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն Հոկտեմբեր 21ին արձանագրութիւնները արդէն ներկայացուցած էր Թուրքիոյ խորհրդարան, նախագահ Սարգսեան Սահմանադրական դատարան ներկայացնելու այս պահը ընտրելով, հաւանաբար նպատակադրած էր խուսափիլ ձգձգման համար վարչապետ Էրդողանի մեղադրանքներէն, անոր՝ Դեկտեմբեր 6ին Ուաշինկթըն կատարելիք այցի ընթացքին: Իրապէս, անցեալ շաբաթավերջին թուրք պաշտօնեայ մը մեղադրեց Հայաստանին արձանագրութիւններու վաւերացման ուղղութեամբ քայլեր չձեռնարկելու մէջ: «Հիւրիեթ» թերթը մէջբերելով բարձրաստիճան թուրք դիւանագէտի մը խօսքերը, գրեց. «Չեմ կարծեր, թէ ոեւէ մէկը այս պահուն կրնայ ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ, երբ Հայաստանը դեռեւս չէ ներկայացուցած զանոնք խորհրդարան»:
Արձանագրութիւնները Սահմանադրական դատարան ուղարկել անպայման չի նշանակեր, որ հայ պաշտօնատարները մտադիր են զանոնք արագօրէն վաւերացնել, մանաւանդ որ անոնք յայտարարած էին, որ պիտի սպասեն Թուրքիոյ վաւերացումին: Աւելին. թուրք ղեկավարները արձանագրութիւններու վաւերացումը շարունակ կը պայմանաւորեն Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումով, ընդհանրապէս հարցականի տակ դնելով արձանագրութիւններու վաւերացումը:
Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի կայքին մէջ նշուած է, որ գործը դատարան ներկայացնելէ ետք իբրեւ առաջին քայլ դատարանի անդամներէն մէկուն կը յանձնարարուի նախնական ուսումնասիրութիւն մը իրականացնել 15օրուան ընթացքին: Այս ժամանակամիջոցը կրնայ մինչեւ տաս օրով երկարաձգուիլ: Ներկայացման օրուընէ սկսեալ ամէնէն ուշը մինչեւ 90օր դատարանը պէտք է յայտարարէ իր կայացուցած որոշման մասին: Սահմանադրական դատարանի պարտականութիւնն է ոչ թէ ճշդել, եթէ արձանագրութիւնները կը համապատասխանեն Սահմանադրութեան, այլեւ պիտի յստակացնէ եթէ անոնցմէ բխած պարտաւորութիւնները Սահմանադրականօրէն ընդունելի են:
Հաշուի առնելով Հայաստանի դատարաններու նկատմամբ, ընդհանուր առմամբ հասարակութեան վստահութեան պակասը, հայերու մեծ մասը, յատկապէս անոնք, որոնք դէմ են արձանագրութիւններուն, լրջօրէն կը կասկածին, որ Սահմանադրական դատարանը դէմ կրնայ արտայայտուիլ արձանագրութիւններու վերաբերեալ կառավարութեան ունեցած դիրքորոշումին: Մամուլի կարգ մը աշխատակիցներ հարցականի տակ առին Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի ներկայութեան նպատակայարմարութիւնը, երբ ան կ՛ուղեկցէր նախագահ Սարգսեանին, իր արտասահմանեան «խորհրդակցական այցի» ատեն: Նախագահը իր այս այցի ընթացքին փորձեց համոզել Սփիւռքահայութիւնը, որ արձանագրութիւնները կ՛արտայայտեն Հայաստանի շահերը:
Նկատի առնելով ներկայացուած արձանագրութիւններու վճռորոշ բնոյթը եւ անոնց երկարատեւ ազդեցութիւնը Հայաստանի ազգային շահերուն վրայ, կ՛ակնկալուի, որ Սահմանադրական դատարանը այս գործին հետամուտ պիտի ըլլայ ամենայն լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ: Մինչ հայերու մեծամասնութիւնը կը գերադասէ, որ դատարանը չհաստատէ արձանագրութիւնները, սակայն աւելի հաւանական է, որ ան կը հաստատէ զանոնք՝ մի քանի յստակեցումներ եւ մեկնաբանութիւններ յաւելելով, որոնք պայմանագրի անքակտելի մասը կը դառնան նախքան խորհրդարան ներկայացնելը: Յուսով ենք, որ այդպիսի յստակեցումներով նուազագոյնի կը հասցուին արձանագրութիւններու կործանարար հետեւանքները եւ թոյլ չեն տար Թուրքիոյ՝ սխալ մեկնաբանել պայմանագիրը, յատկապէս այնտեղ առկայ յղումները՝ միջազգային պայմանագրերուն, որոնք կրնան խոչընդոտել յետագայ հայկական պահանջներուն, եւ պատմական ենթայանձնաժողովի ստեղծման, որ կասկածի տակ կրնայ դնել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Միւս կարեւոր հարցը, որ Սահմանադրական դատարանը կրնայ քննարկել, այնպիսի պայմանի մը յաւելումն է, որ Հայաստանի կառավարութեան իրաւունք կու տայ միակողմանի չեղեալ յայտարարելու այս պայմանագիրը, եթէ Թուրքիան զայն վաւերացնելէ ետք խախտէ անոր պայմաններէն որեւէ մէկը:
Հոկտեմբեր 4ին, Լոս Անճելըսի մէջ նախագահ Սարգսեանի՝ հայկական համայնքի աւելի քան 60 ղեկավարներու հետ հանդիպման ընթացքին ես առաջարկեցի, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս վերապահում մը աւելցնէ արձանագրութիւններուն, որ իրենց իրաւունք կ՛ընձեռէ պայմանագիրը չեղեալ յայտարարել, եթէ վաւերացումէն ետք 60օրեայ ժամկէտի մէջ Թուրքիան չբանայ Հայաստանի հետ սահմանը կամ եթէ բանալէ ետք փակէ զայն: Յատկանշական է, որ Նախագահը հրապարակաւ համաձայնեցաւ իմ առաջարկին եւ այդպիսի վերապահում աւելցնելու պարտաւորութիւն վերցուց իր վրայ:
Արդէն պարզ կը դառնայ, որ հակառակ բոլոր առարկութիւններուն, Հայաստանի կառավարութիւնը մտադիր է մինչեւ ծայր երթալ արձանագրութիւններու հարցով, ուստի Սահմանադրական դատարանը եւ Հայաստանի Ազգային ժողովը պէտք է ջանան նուազագոյնի հասցնել մեր երկրի ազգային շահերուն հասցուող անխուսափելի վնասը՝ աւելցնելով որոշակի վերապահումներ եւ յստակացումներ՝ նախքան անոնց վերջնական վաւերացումը:
«Քալիֆորնիա Քուրիէր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր