ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Մշակոյթի եւ իսլամական կրօնի առաջնորդութեան նախարարութեան մշակութային հարցերու տեղակալութեան նախաձեռնութեամբ, «Գրքի շաբաթուայ» առիթով, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18ի առաւօտեան, Սարայէ Ահլէ Ղալամէ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի կրօնական փոքրամասնութիւններու մտաւորականութեան, գրողներու, մամուլի եւ հրատարակչութեանց ներկայացուցիչներու հանդիպումը:
Այնտեղ ներկայ էին՝ փոքրամասնութիւններու հոգեւորականներ եւ Իսլ. խորհրդարանի պատգամաւորներ:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց եւ հանդէսը վարեց պատկան գրասենեակի վարիչ Սաիդ Թաղաւի, ապա ելոյթ ունեցաւ նախարարութեան մշակութային տեղակալ դոկտ. Փարւիզ: Ի շարս միւս համայնքներու մտաւորականութեանց՝ գնահատագիրներ ստացան՝ արուեստաբան Ժանէթ Լազարեան, բանաստեղծուհի Ծաղկանոյշ Ծատուրեան, գրող-թարգմանիչ Խաչիկ Խաչեր, բանասէր Անդրանիկ Հովեան եւ համալսարանի դասախօս դոկտ. Մկրտիչ Թումանեան:
Ձեռնարկի առաջին բաժինին մէջ, «Ալիք»ի խմբագրութեան կողմէ «Ալիք» օրաթերթի եւ հաստատութեան պատմականը պարսկերէնով ներկայացուց բանաստեղծ Վարանդ, իսկ պարգեւատրումներու բաժնին մէջ, «Ալիք» եւս ստացաւ պատուոգիր՝ իր հրատարակման 80ամեակի սեմին գտնուելու առիթով: