ՎԱՐՇԱՒԻԱ, «Նոյեան Տապան» – «Հայերն Այսօր».- Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւիոյ մէջ հրատարակուեցաւ հայկական «Աւետիս» թերթի առաջին թիւը:
Այս հրատարակութիւնը առանձնայատուկ է այն բանով, որ հայկական առաջին տպագիր հասարակական-քաղաքական թերթն է յետպատերազմեան Լեհաստանի մէջ: Թերթի խմբագրակազմը բաղկացած է տարբեր սերունդներու «հին» եւ «նոր» հայերէ, իսկ գլխաւոր խմբագիրն է Արմէն Արտուիչ եւ թերթի հրատարակիչն է Լեհահայերու մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամը:
Խորհրդանշական է, որ լեհահայոց նոր թերթի նշանաբանը՝ «բարի աւետաբեր», համադրելի է հայկական հին պարբերաթերթի՝ «Սուրբ Գրիգորի սուրհանդակ»ին հետ, որ մինչեւ 1939 լոյս կը տեսնէր Լուովի մէջ եւ վերջին հայկական հրատարակութիւնն էր Լեհաստանի եւ Ուքրանիոյ ԽՍՀ տարածքին վրայ: Անոր փակումէն ետք յիսուն տարի ՈւԽՍՀ հայերը չունէին իրենց թերթը եւ միայն անկախ Ուքրանիոյ, Դեկտեմբեր 1994ին երկլեզու «Արագած» թերթի առաջին թիւը լոյս տեսնելէն ետք Ուքրանիոյ հայ համայնքը վերստին իր համազգային թերթը ունեցաւ:
70 տարի ընդմիջումէ ետք, արդէն 21րդ դարուն ականատես կ՛ըլլանք հայկական թերթի վերածնունդին Լեհաստանի մէջ:
Լեհաստանի հայկական համայնքի «Աւետիս» նոր երկլեզու թերթի առաջին թիւը ներկայացուած է Հոկտեմբերի 17ին վարշաւեան «Պատմութեան հետ հանդիպումներու տան» մէջ: