ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ատանայի կոտորածի 100ամեակին առիթով լոյս տեսաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքէն ներս հաստատուած, յատուկ մատենաշարի առաջին հատորը, որուն մեկենասն է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը:
Սոյն մատենաշարով պիտի վերահրատարակուին այն բոլոր վաւերագրական արժէք ունեցող գիրքերն ու գրքոյկները, որոնք կը ներկայացնեն Ատանայի աղէտին մանրամասնութիւնները: Հրատարակութեան այս շարքին մէջ պիտի ներառնուի նաեւ գեղարուեստական գրականութիւնը, որ նոյն աղէտին առիթով ստեղծագործուած է հայ գրագէտներու կողմէ: Մատենաշարին այս առաջին հատորը կը ներկայացնէ Սուրէն Պարթեւեանի «Կիլիկեան Արհաւիրքը» գործը, որուն առաջին հրատարակութիւնը կատարուած է 1909ին, Պոլսոյ մէջ:
Մատենաշարի իբրեւ ուղեցոյց-պատգամ, սոյն հրատարակութեան սկիզբը զետեղուած է Արամ Ա. կաթողիկոսի, Ատանայի կոտորածին 100ամեակի ազդանշանը տուող՝ «Հայրապետական Խօսք»ը: Վերոյիշեալ պատգամով, Վեհափառ հայրապետը կը հրաւիրէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու Ատանայի æարդի ողբերգական անցուդարձերուն վրայ, որոնք հունաւորեցին թրքական հայաջինջ ծրագիրը, որ 1915ի Ցեղասպանութեամբ արտայայտութիւն գտաւ: