Շաբաթ, Նոյեմբեր 14ին, Առաջնորդարանի «Փօլ եղբայրներ» ցուցադրասրահին ու «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան» համալիրի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պըրպէնքի հայց. առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած «Հունձքի փառատօն»ը:
Արաքսի Պոյամեան՝ փոխ-ատենապետը ծուխի Տիկնանց միութեան վարչութեան, ողջունեց բոլոր մասնակիցները եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանը, որպէսզի կատարէ բացման աղօթքը եւ օրհնէ սեղանները: Իր խօսքին մէջ տէր հայրը յատուկ գնահատութեան արժանացուց Արաքսի Պոյամեանը, Արփի Յովսէփեանը եւ Սեւատա Նազարեանը, որոնք նուիրեալ աշխատանքով առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպած էին Պըրպէնքի ծուխին «Հունձքի փառատօն»ը: