Կիրակի, Նոյեմբեր 15ին, առաջորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ս. Պատարագ մատոյց Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս հայց. եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան մասնակցեցան ծուխին հոգեւոր հովիւը՝ Արշէն Ա. քհնյ. Այվազեան եւ նախկին հոգեւոր հովիւը՝ Շահէ Ա. քհնյ. Ալթունեան: Քարոզի աւարտին, առաջնորդը յատուկ գնահատանքի արժանացուց դպրապետուհի Սվեթլանա Եփրեմեանը եւ երգեհոնահար Պէն Գրիգորեանը ու ապա կատարեց նոր երգեհոնի նուիրագործման արարողութիւնը: Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ «Պէրպէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք, որու ընթացքին առաջնորդը Օրհնութեան եւ Գնահատութեան գիրով եւ «Հայ Ոգի» (Hye Spirit) շքանշանով պարգեւատրեց Պապ եւ Սառա Տէր Մաթոյեանը, Ռասըլ եւ Նինա Ատամզը եւ Ֆիլիփ Մանուկեանը՝ գնահատելով անոնց երկարամեայ եւ նուիրեալ ծառայութիւնը Ս. Պօղոս հայց. եկեղեցիէն ներս: