ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՔՐԵՍԷՆԹԱ ՀՈՎԻՏ.- Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2009, կէսօրէ ետք ժամը 4ին, մեծ թիւով հայորդիներ համախմբուած էին Քրեսէնթա Հովիտի Հայ Կեդրոնը, մասնակից դառնալու շրջանի ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի գրասենեակի անուանակոչութեան արարողութեան, որ նուիրուած էր մէկ տարի առաջ կեանքէն հրաժեշտ տուած ծանօթ ազգային գործիչ Վահիկ Գիւրջեանի յիշատակին:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Քրեսէնթա Հովիտի ՀՅԴ «Զաւարեան» Կոմիտէին կողմէ, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան, ՀՕՄի Շրջ. Վարչութեան անդամուհիներ Մաքօ Մկրտիչեան եւ Աստղիկ Շիթիլեան, շրջանի քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, մեծ թիւով ՀՕՄուհիներ եւ հանգուցեալ Վահիկ Գիւրջեանի այրին՝ ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի անդամ եւ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի փոխ-տնօրէնուհի Լուիզա Գիւրջեան, զաւակները Վարանդ եւ տէր եւ տիկ. Նարեկ եւ Էլիզապէթ Գիւրջեաններ, հանգուցեալի եղբայրները, հարազատները եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Գործադրուեցաւ պաշտօնական յայտագիր մը, զոր վարեց շրջանի ընկերներէն Հրայր Շրիքեան: Ան առաջին հերթին հրաւիրեց ներկաները համախմբուելու կեդրոնի երկրորդ յարկը, ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի գրասենեակին առջեւ, ուր կատարուեցաւ անուանակոչութեան արարողութիւնը Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հովիւ Նարեկ քհնյ. Փէհլիվանեանի կողմէ:
Հոգեւոր հայրը նախ վեր առաւ հանգուցեալ Վահիկ Գիւրջեանի կատարած ազգային ծառայութիւնները, որոնք բարձր գնահատուած են իր շրջապատին կողմէ, որովհետեւ անոնք կատարուած են առանց սպասումի, սիրայօժար կերպով, եւ մանաւանդ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ:
«Վահիկ Գիւրջեան կը դասուի հերոսներու կարգին, որուն համար ալ անոր անունը կ՛անմահանայ այսօր, այս գրասենեակի անուանակոչումով», ընդգծեց հոգեւոր հայրը եւ ապա թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ իր անունով շնորհաւորեց նախաձեռնութիւնը եւ կրօնական յատուկ արարողութեամբ օրհնեց գրասենեակը, մաղթելով, որ ՀՕՄի մասնաճիւղը անոր ընդմէջէն առաւել աշխուժութեամբ շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Ապա, տիկ. Լուիզա Գիւրջեան, յայտնապէս յուզուած, ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէիութեան ներկայացուցիչ Խաչիկ Հաւաթեանի եւ իր զաւակներուն ընկերակցութեամբ բացաւ գրասենեակի մուտքին զետեղուած հանգուցեալ ընկերոջ անունը կրող յուշատախտակին վարագոյրը, արժանանալով ներկաներու երկարաշունչ ծափողջոյններուն:
Անուանակոչութեան տպաւորիչ արարողութենէն ետք, ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէի անունով ելոյթ ունեցաւ Խաչիկ Հաւաթեան, որ բարի գալուստի իր խօսքերէն ետք, Վահիկ Գիւրջեանի յեղափոխական ընկերոջ նկարագիրը պատշաճեցուց «Մենք անկեղծ զինուոր ենք, առանց ի վիճակ, ուխտել ենք ծառայել երկար ժամանակ» երգի բառերուն:
Իսկ անդրադառնալով հանգուցեալ ընկերոջ դաշնակցականի տիպարին, ըսաւ. «ընկեր Վահիկ եղած է միշտ տիպար կուսակցականը մեր շարքերէն ներս, յատուկ անձնազոհութիւններ մատուցած է տարիներ շարունակ, եւ իբրեւ նուիրեալ ընկեր, խորունկ ծրագիրներ մշակած է, միշտ նպատակ ունենալով ծառայել հայրենիքին եւ մեռնիլ անոր վեհ գաղափարին համար»:
Հաւաթեան կոմիտէութեան բոլոր անդամներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց հանգուցեալի կնոջ՝ Լուիզա Գիւրջեանին, երկու որդիներուն եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, որոնք օրին, ընդառաջելով Կոմիտէի առաջարկին, փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները յատկացուցին «Զաւարեան» կոմիտէութեան:
Պաշտօնական այս գեղեցիկ արարողութիւնը շարունակուեցաւ կեդրոնի սրահէն ներս, ուր հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ «Թալին» մասնաճիւղի կողմէ պատրաստուած համադամ ճաշերով: Շրջ. վարչութեան անունով պատգամ փոխանցեց ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի մօտ Շրջ. վարչութեան կապ Աստղիկ Շիթիլեան, որ բոլորին մօտիկ անձնաւորութիւն մը նկատելով հանգուցեալ Գիւրջեանը, ըսաւ. «Երէկ, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօնով, ընկ. Վահիկ Գիւրջեանի հոգիի խաղաղութիւն խնդրուեցաւ, իր մահուան առաջին տարելիցին առիթով: Իսկ այսօրուան անուանակոչութեամբ, ընկերոջ անունը կ՛անմահացնենք այս կեդրոնին մէջ: Հաւանաբար, շատեր հարց կու տան, թէ հանգուցեալ ընկ. Գիւրջեան, ԱՅՈ՛ հաւատաւոր դաշնակցական ընկեր մըն էր, սակայն ի՞նչ կապ ունէր ՀՕՄին հետ:
«Սիրելիներ, հպարտութեամբ կը յայտարարեմ, թէ հանգուցեալ ընկ. Վահիկ Գիւրջեան շրջանի առաջին անձնաւորութիւնն էր, որ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութեան մօտ կապը հանդիսացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, եւ իր առողջ գաղափարներով մեծապէս օգտակար եղաւ ՀՕՄի վերելքին, որուն համար երախտապարտ ենք:
«Այո՛, երախտապարտ ենք եւ մեր երախտագիտութիւնը պիտի արժեւորենք բեղուն գործունէութեամբ: ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի «Վահիկ Գիւրջեան» այս գրասենեակը, ասկէ ետք մեղուի փեթակի պիտի վերածուի, եւ առաւել եռուզեռի մէջ մտնելով գաղութի բոլոր կարիքներուն պիտի հասնի»:
Եզրակացնելով, ընկերուհին անձնապէս, ինչպէս նաեւ Շրջ. վարչութեան իր գործընկերուհիներուն անունով, շնորհաւորեց ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի գրասենեակի անուանակոչութիւնը, մաղթելով որ ան օգնութեան յորդառատ աղբիւր հանդիսանայ շրջանի հայ համայնքին:
ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ընկերուհիներու անունով ներկաները ողջունեց եւ Գիւրջեան ընտանիքին շնորհակալութիւն յայտնեց ատենապետուհի Ալին Հապէշեան:
«Մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Գիւրջեան ընտանիքին իրենց սրտբաց նուիրատուութեան համար: Մեզի համար մեծ պարծանք է ունենալ ընկ. Վահիկ Գիւրջեանի նման ընկերոջ մը անունը մեր գրասենեակին վրայ: Կը մաղթենք Գիւրջեան ընտանիքին քաջառողջութիւն: Աստուած յիշատակը անմար պահէ», ըսաւ ան:
Գիւրջեան ընտանիքի անունով շնորհակալական ելոյթ ունեցաւ Լուիզա Գիւրջեան, որ առաջին հերթին երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՅԴ Զաւարեան Կոմիտէին, իր հանգուցեալ ամուսնոյն յիշատակը վառ պահելու գեղեցիկ այս առիթին համար, եւ յատկապէս գոհունակութիւն յայտնեց, որ ան զետեղուած էր իր սիրելի կազմակերպութեան՝ ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի գրասենեակի մուտքին, որուն ինք անդամ է:
Պաշտօնական յայտագրի աւարտէն ետք, ներկաները առիթ ունեցան առանձնաբար զրուցելու Գիւրջեան ընտանիքի անդամներուն հետ եւ յաւելեալ ծանօթութիւններ քաղեցին հանգուցեալ Վահիկ Գիւրջեանի անձին ու գործունէութեան մասին: