ՍԱՆ ՖԵՐՆԱՆՏՕ ՀՈՎԻՏ.- Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Հոկտեմբեր 10ին ստորագրուած Փրոթոքոլներու լոյսին տակ, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի ՀՅԴ Ռոստոմ կոմիտէն կազմակերպած էր քաղաքական հաւաք մը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2009ի երեկոյեան, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի Աւետիսեան սրահին մէջ։ Ձեռնարկին գործնական աշխատանքը տարած էր Կոմիտէի Յարաբերական յանձնախումբը եւ կը նպատակադրէր ժողովուրդը տեղեակ պահել ստորագրութեան տուն տուող պատճառներուն, ինչպէս նաեւ ստորագրումէն ասդին տեղի ունեցած միջազգային զարգացումներուն ու մեր ընելիքներուն մասին։
Զեկուցաբերներն էին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ժան Գոսաքեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուներէն Սթիվ Տէտէեան։
Ներկայ էին շուրջ 300 հայորդիներ, որոնց մէջ նկատառելի թիւ կը կազմէին Ֆերահեան Ազգային վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտներն ու ՀՄԸՄական երիտասարդներ։
Յարաբերական յանձնախումբի անդամ Դալար Տէրտէրեանի ներածականէն ետք, Ռոստոմ կոմիտէի խօսքը փոխանցեց ընկեր Զօհրապ Գահուէճեան։ Ընկերը իր խօսքին մէջ շեշտեց սփիւռքի դերը՝ փրոթոքոլներու կասեցման գործին մէջ, նշելով որ «Հայաստանի պետութիւնը տկար ըլլալով, միջազգային ճնշումներու տակ պարտաւորուեցաւ ստորագրել ազգավնաս այս արձանագրութիւնները, սակայն սփիւռքը ոչ միայն զերծ է այս ճնշումներէն, այլ մեծ պարտաւորութեան տակ է լուռ չմնալու ու շարունակելու իր հաւաքական աշխատանքը ամէնուրեք արգիլելու համար անոնց վաւերացումը։
Ապա ընկեր ժան Գոսաքեան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Հայաստանի դրացի ու հեռակայ հզօր պետութիւններու յարաբերութիւնները եւ դիւանագիտական շահերը, որոնք մղեցին զիրենք նեցուկ կանգնելու փրոթոքոլներուն։ Ան մանրամասնեց Ռուսիոյ, Պարսկաստանի, Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւնները ու անոնց անդրադարձը Հայաստանի վրայ։
Նախքան իրաւաբան Սթիվ Տէտէեանի զեկոյցը, ներկայացուեցաւ տեսաներիզ մը՝ պատրաստութեամբ Վիգէն Հապոյեանի։ Սփիւռքեան բոլոր գաղութներուն մէջ փրոթոքոլներուն դէմ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերը լաւագոյնս կը դրսեւորէին հայ ժողովուրդի կամքը՝ տէր կանգնելու մեր պապենական արդար իրաւունքներուն եւ «ՈՉ» ըսելու որեւէ զիջումի։ Տեսաներիզին ընկերակցող երաժշտութիւնը ոգեւորութիւն ստեղծեց բոլոր ներկաներուն մէջ։
Իրաւաբան Սթիվ Տէտէեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց արձանագրութիւններուն բովանդակութիւնը ու անոնց մէջ տեղ գտած սխալ արտայայտութիւնները, որոնք կը հաստատեն դաշնակցութեան կեցուածքը՝ մերժելու սոյն արձանագրութիւները իրենց ներկայ վիճակով, հիմնուելով անոնց ամբողջովին հայավնաս բնոյթին վրայ։ Զեկուցաբերը անգամ մը եւս շեշտեց, թէ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ չքմեղանքի արտայայտութիւններն ու արձանագրութիւնները իրարու չեն համապատասխաներ, ու նշեց այս ծիրին մէջ այն կարելիութիւնները, զորս սփիւռքը ի գործ կրնայ դնել վաւերացումը կասեցնելու համար։
Զեկոյցներէն ետք, առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ տալու։ Զեկուցաբերները սպառիչ կերպով պատասխանեցին ։
Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւած այս հաւաքը, առիթ եղաւ ներկաներուն մօտ հաստատելու մեր կամքը՝ աննահանջ շարունակելու մեր պայքարը փրոթոքոլներու վաւերացման դէմ եւ չյուսահատելու, ինչպէս Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկերը իր խօսքին մէջ նշած էր՝ «Որպէսզի չ՛արտօնենք որ ՄԵՐ ԱՐԱՐԱՏԸ ծախեն, որպէսզի մեր նահատակները չ՛անիծեն մեզ ու մեր սերունդերը նախատինք չկարդան մեզի, պէտք է անգամ մը եւս քալել պայքարի ճամբայէն։ Քալեցէք մեզի հետ ու հաւատացէք, որ մեր ձայնը կը հասնի գոց ականջներուն»։
Թղթակից