ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ, Նոյեմբեր 25ին տեղի ունեցած է բողոքի երթ մը ընդդէմ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի վերջերս կատարած մէկ յայտարարութեան։ Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 17ին, ուսանողութեան միջազգային օրուան ընթացքին ուսանողութեան հետ հանդիպման ժամանակ, ՀՀ ԿԳ նախարարը յայտարարած էր, որ ասկէ ետք ուսանողական կրթաթոշակ պիտի չտրուի:
«Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները անհասկնալի եւ անընդունելի կը գտնեն ուսանողները կրթաթոշակներէն զրկելը, յատկապէս ներկայ տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, երբ ուսանողը ունի հասարակական տարբեր դժուարութիւններ, հացի եւ փոխադրամիջոցի յանապազօրեայ խնդիր:
Վանկարկելով «աջակցե՛լ, այլ ոչ թէ զրկել» եւ «մի՛ զրկէք մեզ կրթաթոշակից» նախադասութիւնները՝ երթի մասնակիցները անցած են Երեւանի տարբեր համալսարաններու կողքէն ու հասած՝ Հանրապետութեան հրապարակ:
Անոնք կառավարութեան քաղաքացիներու ընդունելութեան, դիմում-բողոքներու քննարկման վարչութեան պետ Ալեքսանդր Ղազարեանին յանձնած են ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին ուղղուած դիմում-բողոքը, որով կը պահանջեն վարչապետին անմիջական միջամտութիւնը, որպէսզի այդ անհեթեթ նախաձեռնութիւնը կառավարութեան որոշում չդառնայ:
Երթին միացած են նաեւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան երիտասարդ անդամները: Իսկ Հայաստանի յառաջադիմական կուսակցութեան երիտասարդական թեւը, ողջունելով ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութիւնը, կը պահանջէ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին հրաժարականը: