ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Անհատական խոստովանանքի ընդհանրացած սովորութիւն չունի մեր Մայրենի եկեղեցին: Ընդհանրապէս Կաթոլիկ եկեղեցին պահած է այդ սովորութիւնը, երբ անձ մը ուղղակի ներկայանալով իր եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ հոգեւորականին, կը խոստովանի իր կատարած մեղքերը, ու թողութիւն կը ստանայ անկէ: Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պարագային հաւաքական խոստովանանքի ձեւը որդեգրուած է, զանազան գործնական դժուարութիւններու առաջքը առնելու համար: Հակառակ ատոր, սակայն, եթէ փափաք յայտնուի անհատական խոստովանանքի, առիթը կը տրուի տուեալ անձին, իր սիրտը բանալու հոգեւոր հովիւին, ու անոր թելադրութիւնները լսելէ ետք՝ թողութիւն ստանալու:
Մեղքերուն միջեւ տարբերութիւն դնելը թերեւս ճիշդ չ՛ըլլար, եւ նոյնիսկ առիթ կու տայ ոմանց մանր-մունր մեղքեր գործելու: Երբ երեւոյթ մը սխալ է եւ մանաւանդ վնասակար մեր անձին եւ մեր շրջապատին, անիկա արդէն մեղք կը դառնայ ու աստուածային օրէնքով՝ արգիլեալ: Որովհետեւ, մենք հակառակ ազատ ստեղծուած ըլլալնուս, ամբողջական ազատութիւն չունինք: Սա կը կոչուի բարոյական ձերբակալութիւն, երբ մեր ձեռքերը կաշկանդուած են ամէն ինչ գործելէ: Բարոյական օրէնքը սպանութիւն չ՛արտօներ: Բայց մարդը ազատ ստեղծուած չէ՞: Այո՛, բայց բարոյական օրէնքներու սահմանին մէջ միայն ազատ է անիկա: Այլապէս, մարդկային ընկերութեան կեանքը անտառի կեանքի կը վերածուի, ուր անկանխատեսելիօրէն դիմացդ կրնայ ցցուիլ վայրի գազան մը, ու պատճառ դառնալ մահուանդ:
Բայց կայ մեղքերուն ամենէն մեծը, ծանրագոյնը, որ կրնայ իւրաքանչիւր մարդու սեփականութիւնը դառնալ մէկ օրէն միւսը: Թերեւս ամէնուն միտքը սա վայրկեանին ուղղուի դէպի սպանութեան մեղքը, զոր կատաղութեան մէկ պահուն մարդ կրնայ գործել: Ո՛չ սակայն. կայ սպանութենէն աւելի ծանր մեղք մը, որ միշտ թանձր վարագոյրով մը պատուած կ՛ըլլայ: Անթափանց այդ վարագոյրին ետին կը պահուըտի այդ մեղքը, խպնած ու ամօթահար: Անիկա կրնայ ըլլալ մեր կողմէ ուղղակի գործուած եւ կամ՝ մեր մեղսակցութեամբ կատարուած արարք մը: Սակայն անոր ահաւորութիւնը արարքին մէջ չէ՛, այլ՝ անոր հետեւող կացութեան:
Եկեղեցւոյ հայրերէն մին կը գրէ, թէ «Մեծագոյն մեղքը՝ չխոստովանուած մեղքն է»: Չխոստովանուած մեղքը ձիւնագնդակ մըն է, որ գլորուելով կը մեծնայ մարդկային հոգիին մէջ: Հոգեկան մեր աշխարհը այնքան ընդարձակ է, որ այնտեղ ինկող փոքրիկ ձիւնագնդակ մը աներեւակայելիօրէն կրնայ մեծնալ: Այնպէս ինչպէս լեռներէն փրթած փոքրիկ ձիւնագնդակ մը հետզհետէ մեծնալով անզսպելի կը դառնայ, ու մինչեւ իսկ կործանարար, մեր չխոստովանած մեղքերն ալ մեր հոգիին մէջ երթալով կը մեծնան, ու մինչեւ անգամ հոգեպէս մեզ քայքայելու ոյժ կÿունենան:
Մեղք մը չխոստովանելու պատճառները յաճախ կը տարբերին իրարմէ: Կարգ մը մարդոց պարագային սրտի խստութիւնը առիթ չ՛ընծայեր համեստանալու եւ արտայայտելու այն ցաւը, որ մեղքի դաշոյնը ձեռքին, անընդհատ զայն կը խրէ մեղաւորի սրտին ու հոգիին մէջ: Նման պարագայի, ճիշդ է, արտաքնապէս չ՛երեւիր յանցաւոր մարդուն տագնապը, սակայն իր արարքին հետեւանքը զինք մխտող անվերջանալի մղձաւանջ մը կը դառնայ:
Երկրորդ պատճառը կրնայ ամօթը ըլլալ, որ դարձեալ մեծ արգելք մը կը նկատուի մեղքը իր հարազատութեամբ խոստովանելու յանդգնութեան: Այս յանդգնութիւնը կարելի է համեմատել քաջութեան հետ, զոր անձնազոհ ասպետներ միայն ընդհանրապէս լիովին կ՛ունենան: Արարքը գործելու «քաջութիւն»ը ինքնին բաւարար չէ՛ տուեալ անձը քաջագործ հռչակելու համար, այլ ան պէտք է կարենայ նաեւ խոստովանի՛լ այդ արարքին իր կողմէ գործուած ըլլալը: Սակայն ամօթը խոչընդոտ կը հանդիսանայ յաճախ, արարքին ու զայն գործողին միջեւ:
Ծննդոց Գիրքին մէջ պատմուած նախամարդուն յանցագործութենէն ետք, կ՛ըսուի թէ անոնք՝ այր ու կին՝ Ադամն ու Եւան, ծառերու ետին պահուըտեցան: Ինչո՞ւ պահուըտիլ: Ինչո՞ւ ամօթի այս զգացումը: Այնտեղ տրուած բացատրութիւնը «մերկութեան» պատճառաբանութիւնը ունի: Սակայն այդ «մերկութիւն»ը, փոխաբերական իմաստով Աստուծոյ պատուէրին անհնազանդութեան ամօթն էր, որ կը ստիպէր զիրենք պահուըտիլ Աստուծոյ ներկայութենէն:
Գործուած արարքներուն պատճառած ամօթի զգացումը եւս ունի իր տարբերութիւնները: Առ հասարակ մարդիկ «ամօթալի արարքներ»ու իբրեւ հոմանիշ կÿուզեն տեսնել մարդոց կողմէ գործուող սեռային կամ անբարոյական անսանձ արարքներ: Բայց բազմաթիւ են նաեւ այն արարքները, որոնք բնաւ սեռային յարաբերութեան հետ առնչութիւն չունին, սակայն եւ այնպէս ամօթի խոր զգացում կը յառաջացնեն մարդու հոգիին մէջ: Ոմանք ամօթն ու խղճի խայթը կը նոյնացնեն իրարու հետ: Բայց անոնք ամենեւին նոյնը չեն: Մէկը հանրային կարծիքը ունի իբրեւ դատաւոր, իսկ միւսը՝ խիղճը: Մարդ իր նմաններէն կ՛ամչնայ իր գործած չար արարքներուն համար, իսկ իր խղճին դիմաց ամօթի զգացումով չի ներկայանար, այլ՝ մտրակուելու պատրաստ յանցագործի մը նման շղթայակապ, փախուստի ճամբայ չունեցող մահապարտի մը պէս:
Երրորդ պատճառը կրնայ գործուածին ահաւորութիւնը ըլլալ, որուն բացայայտումով՝ օրինական միջոցներով սահմանուած պատիժներէն խուսափումը անկարելի պիտի ըլլայ:
Գաղտնապահութիւնը, բնականաբար, պայման է հոգեւորականի մը պարագային, երբ խոստովանութիւններ պիտի լսէ, որոնք կրնան անհատի մը կեանքին կարեւոր հանգրուանները ըլլալ, կամ՝ անոր փոխ-յարաբերական կեանքի ամենէն տխուր էջերը կազմել, որոնց բացայայտումը կացութիւններ կրնայ ստեղծել տուեալ անձին եւ անոնց մօտ՝ որոնք զոհը եղած են իրավիճակի մը եւ կամ պարզապէս առընչութիւն ունեցած են հարցին հետ:
Բարոյալից պատմութեան մը մէջ կ՛ըսուի, թէ թագաւորը միշտ հոգեւորական մը կը կանչէր, ու իր կատարած ամենէն ծանր մեղքը խոստովանելէ ետք, գլխատել կու տար զայն: Ի վերջոյ ծերունի քահանայ մը կրցաւ ողջ դուրս գալ պալատէն: Որովհետեւ նախկիններէն իւրաքանչիւրին իր մեղքը խոստովանելէ ետք, տակաւին պալատէն դուրս չեկած, թագաւորը ի՛նք հարցուցած էր անոր թէ ի՞նչ խոստովանեցայ քեզի, ան ալ իր լսածը պատմած էր թագաւորին: Ամենէն ետքը եկող ծերունի քահանա՛ն միայն, գաղտնապահ ըլլալով, պատասխանած էր թագաւորին եւ ըսած.
_ Քահանային սիրտը ովկիանոսի չափ խոր է, որուն եզրին Աստուած ցուցատախտակ մը դրած է, ու վրան գրած. «Ձկնորսութիւնը արգիլուած է»:
Կեանքի մէջ շատեր կը տառապին գաղտնիք մը պահել կարենալու դժուարութեամբ: Բայց պէ՛տք է երբեմն մեր ամենէն մտերիմ նկատած անձերուն ցոյց տալ այն ցուցատախտակը, որուն վրայ գրուած է. «Ձկնորսութիւնը արգիլուած է»: