ԿԱԼԿԱԹԱ, «Նոյեան Տապան»–«Հայերն Այսօր».- Դեկտեմբեր 2ին, հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ եւ Կալկաթայի մէջ գտնուող Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն աբեղայ Յովհաննիսեանը հանդիպած է կրթօճախի հինգ նախկին սաներուն հետ, որոնք կ՛ուսանին Հնդկաստանի տարբեր համալսարաններու մէջ:
Այս ուսանողներու ուսման ծախսերը կը հոգայ հայ եկեղեցին: Հանդիպման ընթացքին ուսանողները պատմած են իրենց ուսումնական յաջողութիւններուն եւ իրենց ունեցած դժուարութիւններուն մասին։ Հայր սուրբը օրհնած է ուսանողները եւ յիշեցուցած, որ այդ հնարաւորութիւնը տրուած է իրենց, որպէսզի անոնք, յետագային, իրենց գիտելիքները ներդնեն յանուն Հայաստանի եւ հայ ազգին։