Լոս Անճելեսի Մխիթարեան վարժարանին նոր սլացք տալու նպատակով, անցեալ Օգոստոսին Արտաքոյ կարգի յանձնախումբ մը որոշուեցաւ ներքին ու կազմակերպչական կացութիւնը քննութեան ենթարկելու ու լուծումի զանազան ճամբաներ որոնելու համար, հիմնականին մէջ օրինական, մատակարարական եւ դաստիարակչական ծիրերէն ներս:
Ուսումնասիրութեան եւ քննութեան աւարտին որոշուեցաւ անմիջապէս նոր կարգավիճակ մը տալ դպրոցին, որու հետեւանքով Ուրբաթ 13 Նոյեմբերին գործէն ազատ արձակուեցան տնօրէնն ու քարտուղարուհին: Նմանապէս հայր Օգոստինոս վրդ. իր տարիքին բերումով ազատ կացուցուեցաւ դպրոցէն ներս որեւէ պատասխանատուութենէ ու Մխիթարեան միաբանութիւնս ներկայացնելէ պատկան մարմիններու մօտ: Միաբանութեանս ներկայացուցիչ նշանակուեցաւ հայր Դաւիթ վրդ. Ղազարեան, մինչ վարժարանի պատասխանատու կարգուեցաւ Արտաքոյ կարգի յանձնախումբի գործադիր տնօրէնը:
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16ին, առաւօտեան աղօթքէն ետք ուսուցչական ժողով տեղի ունեցաւ եւ դպրոցը իր բնականոն ընթացքը շարունակեց: Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7ին, յարգարժան ծնողները մեծ բազմութեամբ ժամանեցին վարժարանիս սրահը, հանդիպում ունենալու միաբանութեանս աբբահօր եւ գործադիր տնօրէնին հետ: Աբբահայրը իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ դրսեւորեց միաբանութեանս կամքը դպրոցի գործունէութիւնը շարունակելու ու աւելի զարգացնելու, ի նպաստ աշակերտներու հայեցի ու քրիստոնէական կրթութեան:
Վերջին օրերու իրադարձութիւններուն ակնարկելով, ան ըսաւ. «Այսօրուան հաւաքոյթին նպատակն է կրկին անգամ ապահովցնել բոլորը, որ ոգի ի բռին ամէն միջոց պիտի գործադրենք այս առաքելութիւնը առաջ տանելու: Մտածենք ու միասնաբար աշխատինք մեր աշակերտներուն դաստիարակութեան համար ու ժամանակ չվատնենք ժխտական կէտերու վրայ կեդրոնանալով»:
Ապա Աբբահայրը ներկայացուց Յովհաննէս Խոստեղեանը, իբր պատասխանատու դպրոցէն ներս եւ հայր Դաւիթ վարդապետը, իբր ներկայացուցիչ միաբանութեանս:
Յովհաննէս Խոստեղեան Օգոստոսէն սկսեալ իբր Արտաքոյ կարգի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն արդէն մօտէն կը հետեւէր դպրոցի կեանքին. այժմ, իբր պատասխանատու, միւս գործակիցներուն հետ միասին, պիտի շարունակէ սկսուած գործը, հաստատուն հիմերու վրայ դնելու համար վարժարանիս իրաւական, դաստիարակչական ու տնտեսական իրավիճակը: Ապա, ան համառօտ կերպով ներկայացուց ուսումնական ու դաստիարակչական ծրագիրները ու պատասխանեց ծնողներու հարցումներուն: Բոլորն ալ հաստատուն կամքը արտայայտեցին իրենց վեհանձն լուման ներդնելու դաստիարակութեան սրբազան առաքելութեան ի նպաստ:
Ծնողները հիմնականին մէջ կ՛ուզէին վստահութիւն ունենալ, որ նոր վերիվայրումներ տեղի պիտի չունենային. թէ՛ աբբահայրը եւ թէ՛ Խոստեղեան վստահեցուցին, որ ամէն ինչ պիտի ընեն դպրոցին նոր վերելք մը տալու:
Ծնողները, յոյսն ու վստահութիւնը իրենց սրտերուն մէջ, հեռացան դպրոցէն, մինչեւ յաջորդ հանդիպում, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 25ին, Գոհաբանութեան տօնին առիթով կազմակերպուած հանդէս-ճաշկերոյթին:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Մանկապարտէզի աշկերտներուն ելոյթով: Փոքրիկները օրուան յատուկ գլխարկներով ուրախ տրամադրութեամբ երգեցին եւ արտասանեցին: Ապա յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Նախակրթարանի եւ Միջնակարգի աշակերտները եւ արտայայտեցին իրենց զգացումները: Անոնք նաեւ իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Ծնողաուսուցչական կազմին, որոնք սիրայօժար կերպով ստանձնած էին օրուան համեղ ճաշին մատակարարումը:
Այս տարուան Գոհաբանութեան տօնակատարութիւնը բացառիկ ուրախութիւն բերաւ Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքին, որովհետեւ ներկայ էր Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր աբբահայր հայր Եղիա վրդ. Քիլաղպեան, ինչպէս նաեւ
վարժարանի Արտաքոյ կարգի յանձնախումբի անդամներէն ներկայացուցիչներ:
Աբբահայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, բարի գալուստ մաղթեց բոլորին Մխիթար աբբահօր այս տան մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, ծնողական եւ ուսուցչական մարմիններուն, յուսալով, որ «Աստուած անսասան պահէ այս հայու օճախը, որպէսզի ան կարենայ բազմաթիւ սերունդներ պատրաստել մարդկային, քրիստոնէական ու հայեցի տեսլականով օժտուած: Տեղի ունեցած փոթորիկները թող ծառայեն զօրացնելու բոլորիս միասնութեան զօդը, ի շահ մեր աշակերտութեան ու մեր վարժարանին»:
Աբբահայրը ապահովցուց բոլորը, որ այս վարժարանը ու կալուածը կայ ու պիտի մնայ եւ պիտի գործածուի միայն դպրոցական ու դաստիարակչական նպատակներու համար: Ան աւելցուց, թէ բացարձակապէս սուտ են եւ վատ սրտի արդիւնք այն լուրերը, թէ կալուածը պիտի ծախուի ու վարժարանը պիտի փակուի: «Յետ այսու, վարժարանիս հետ կապուած բոլոր կարեւոր ծրագիրներն ու իրադարձութիւնները գրաւոր կերպով պիտի տեղեկացուին բոլոր ծնողներուն եւ պատկան մարմիններուն», վստահեցուց ան:
Իր խօսքի աւարտին, աբբահայրը օրհնեց սեղանը: Աշակերտութիւն, ծնողներ եւ ուսուցիչներ ուրախութեամբ բոլորուեցան սեղաններուն շուրջ, եւ հայկական երգերու ընկերակցութեամբ ճաշեցին:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)