ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- ՀԵԴի այս տարուան Ողիմպիական խաղերը տեղի ունենցան Նոյեմբեր 27-29ի շաբաթավերջին, Սան Տիէկոյի «Paradise Point Resort and Spa»ի մէջ, կազմակերպութեամբ ՀԵԴի Կլէնտէյլի «Ռուբէն» ուխտին:
Տարեկան 36րդ Ողիմպիական խաղերուն ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան նահանագներու մէջ գործող ՀԵԴի գրեթէ բոլոր ուխտերէն անդամներ:
Իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆրեզնոյի, Հովիտի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Հարաւային ծովածոցի, Պըրպէնքի, Թորընսի, Մոնթեպէլլոյի, Փասատինայի, Լա Քրեսէնթայի, Օրէնճ քաունթիի, Լաս Վեկասի եւ Հոլիվուտի ուխտերէն անդամներ:
Ձեռնարկը սկսաւ խարոյկահանդէսով մը, որու ընթացքին ՀԵԴի անդամները իրարու ծանօթացան կամ հին ընկերներ, դարձեալ իրարու հանդիպելով, նորոգեցին իրենց բարեկամութիւնը, իրարու հետ բաժնելով անցեալի յուշերը:
Յաջորդ առաւօտեան սկսան ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի մրցաշարքերը, որոնք ընթացան շատ հաճելի մթնոլորտի մէջ ու յաճախ սուր մրցակցութեան պայմաններուտակ: Բնականաբար արձանագրուեցան անակնկալ յաղթանակներ ու պարտութիւններ, սակայն վերջաւորութեան բոլորը գիտակցեցան, թէ ձեռնարկին նպատակը մարզական պարզ մրցակցութիւն մը կազմակերպելու փոխարէն, հայ երիտասարդութիւնը իրարու քով բերելով նոր ու աւելի ամուր կապեր ստեղծելն է, հաճելի եւ ուրախ ժամանակ անցնելով:
Մարզական խաղերուն կողքին, Կլէնտէյլի «Ռուբէն» ուխտը կազմակերպած էր նաեւ Շաբաթ գիշերուան պարահանդէսը, ներկայութեամբ բոլոր ուխտերու անդամներուն, որոնք մոռցած էին արդէն մրցումներուն ստեղծած հակամարտութիւնը ու իրենց ջանքերը կեդրոնացուցած էին ջերմ եւ ուրախ տրամադրութիւն ստեղծելու նպատակին վրայ:
Կիրակի օր տեղի ունեցան կիսաւարտականի եւ աւարտական մրցումները: Աւարտին, Ֆրեզնոյի ուխտը շահեցաւ ֆութպոլի մրցաշարքին ոսկի մետալը, Պըրպէնքի ուխտը՝ վոլիպոլի առաջնութիւնը, իսկ Հոլիվուտի ուխտը հռչակուեցաւ պասքեթպոլի ախոյեան: Բոլորին համար հաճելի ու յիշարժան փորձառութիւն էին Սան Տիէկոյի մէջ կայացած ՀԵԴի ողիմպիական խաղերը: