Ալէք Փիլիպոսի Խորհրդատուական գրասենեակը դպրոցի Շրջանաւարտից միութեան համագործակցութեամբ Դեկտեմբեր 1, 2009ին դպրոցի մարզասրահին մէջ կազմակերպեց «Ասպարէզի օր» մը, 11րդ եւ 12րդ կարգերու աշակերտութեան համար։ Տասնվեց մասնագէտներ, մեծամասնութիւնը Փիլիպոսի կամ այլ ազգային վարժարաններու շրջանաւարտներ, սիրայօժար մասնակցեցան այս յայտագրին, աշակերտութեան խօսելու համար զանազան ասպարէզներու եւ մասնագիտութիւններու մասին։ Ներկայացուած մասնագիտութիւններուն շարքին էին բժշկութիւնը, ատամնաբուժութիւնը, հիւանդապահութիւնը, դեղագործութիւնը, բժշկական կենսաբանութեան (Biomedical) հետազօտութիւնը, երկրաչափութիւնը, ճարտարապետութիւնը, երաժշտութիւնը, Graphic design-ը, առեւտրագիտութիւնը, հրշէջ եւ ոստիկանական ծառայութիւնները։
Ձեռնարկի ընթացքին, իւրաքանչիւր ասպարէզի ներկայացուցիչ հակիրճ կերպով ներկայացուց իր մասնագիտութեան վերաբերող զանազան տեղեկութիւններ, ինչպէս՝ ուսման պայմաններ, եկամուտ եւ աշխատանքի հնարաւորութիւններ։ Բոլոր ներկայացումներու աւարտէն ետք, աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ զրուցելու մասնագէտներուն հետ եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու զիրենք հետաքրքրող մասնագիտութիւններուն մասին։
Երկու նպատակ կը հետապնդէր «Ասպարէզ»ի օրուան այս ձեռնարկը. աշակերտներուն հնարաւորութիւն տալ զանազան ասպարէզներու եւ մասնագիտութիւններու մասին տեղեկութիւններ քաղել՝ ուղղակի մասնագէտներէն, եւ քաջալերել աշակերտները որպէսզի հետեւին բարձրագոյն ուսման, իրենց նպատակները իրագործելու համար։