ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Բանաստեղծական ուսումնասիրութեան գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ բանաստեղծուհի Վիոլէթ Գրիգորեանի եռլեզու նոր հատորին՝ «Հարէմ Ռոզ»ին հրատարակութեան առիթով կազմակերպած է ընթերցումի ձեռնարկ մը, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ հեղինակը:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Լունա» թատերասրահին մէջ (3706 San Fernando Rd.
Glendale, CA 91204), Կիրակի, Դեկտեմբեր 13ին, կ.ե. ժամը 4էն սկսեալ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար հեռաձայնել (818) 395-8227 թիւին: