ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Կլէնտէյլի հանրային գրադարանի հովանաւորութեամբ, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3ին, երեկոյեան ժամի 7ին կայացաւ «Փարոս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, հրապարակագիր Սուրէն Բուրսալեանի ծննդեան ութսունամեակին ու անոր «Յօդուածներու ժողովածու» հատորի շնորհանդէսին նուիրուած ձեռնարկը, գրադարանի սրահին մէջ:
Արձակագիր Կիմա Կիրակոսեան ներածական խօսքով բացումը կատարեց ձեռնարկին, իսկ «Փարոս» շաբաթաթերթի նախկին վարչական Յակոբ Թալմակեան ընթերցեց Վարսիկ Յակոբեանի յօդուածը, Ս. Բուրսալեանի հայաստանեան գործունէութեան մասին:
Ապա, փրոֆ. Օշին Քէշիշեան ներկայացուց Ս. Բուրսալեան մարդը եւ պատմեց յուշեր անոր մասին:
«Սփիւռք» լարային քառեակը եւս մասնակցեցաւ ձեռնարկին, հնչեցնելով մեղեդիներ Կոմիտասէն, Արամ Խաչատրեանէն եւ Առնօ Բաբաջանեանէն, իսկ բանաստեղծ Գէորգ Քրիստինեան արժեւորեց Ս. Բուրսալեան՝ խմբագիրը, հրապարակագիրը եւ անոր յօդուածներու ժողովածուն:
Ապա, Բուրսալեանի դուստրը՝ Էլիզաբեթ Ադամսը կարդաց հօր «Եթէ կեանքս նորից ապրէի» գրուածքը, իսկ Կ. Կիրակոսեան եւ բանաստեղծ Գարուշ Հարեանց ընթերցեցին Բուրսալեանի «Կայացած, չկայացած հարցազրոյց Վիլեամ Սարոյեանի հետ»ը:
Տեղի ունեցաւ գիրքի գինէձօնի արարողութիւնը, իսկ աւարտին շնորհակալութեան սրտազգաց խօսք արտասանեց Ս. Բուրսալեանի այրին, Սուզի Բուրսալեանը:
Շաբաթ, Դեկտեմբերի 5ին, երեկոյեան ժամի 5ին, Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութիւնը Կլէնտէյլի Գարամանուկեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր գրական այլ ձեռնարկ մը: Երեկոն հիւրընկալած էր ՀՅԴ Կլէնտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէն, որուն շնորհակալութիւն կը յայտնէ միութիւնը:
Միութեան նախագահ Գրիշ Դաւթեան ներկայացուց հայրենի անուանի բանաստեղծ Արտէմ Յարութիւնեանին, որ այցելութեամբ կը գտնուի Լոս Անճելըս եւ զայն բեմ հրաւիրեց: Ան ներկայացուց ժամանակակից բանաստեղծութեան նուիրուած դասախօսութիւն մը, օրինակներ բերելով հայկական, ամերիկեան, ռուսական, անգլիական եւ ֆրանսական գրականութիւններէն, մէջբերումներ կատարելով բնագրային լեզուով, եւ հայերէնով: Ան խօսեցաւ նաեւ քանի մը նշանաւոր գրողներու ունեցած դերին ու ազդեցութեան մասին ու կարդաց նաեւ իր նոր ստեղծագործութիւններէն կտորներ: Վերջաւորութեան, ան պատասխանեց բազմաթիւ հետաքրքրական հարցումներու: