ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրեզնոյի մէջ մահացած է Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչ Աշոտ Մելքոնեան: Ան 79 տարեկան էր: 1930ին, Տոնի Ռոսթովի մէջ ծնած նկարիչը 1935ին ընտանիքով տեղափոխուած է Հայաստան: Ուսանած է Փ. Թերլեմեզեանի անուան ուսումնարանին մէջ, ապա աւարտած է Գեղարուեստի պետական հիմնարկը:
1957ին ան դարձած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ եւ 1977ին անոր շնորհուած է Հայաստանի վաստակաւոր նկարչի կոչում: 1997էն ի վեր կ՛ապրէր ու կը ստեղծագործէր Միացեալ Նահանգներու մէջ: