ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Նոր տարուան եւ Ծնունդի օրերու ոգիով, Փասատինայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին խաղալիքներ նուիրեց կարօտեալ երեխաներու, Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած Ծնունդի ծառի լոյսերը վառելու արարողութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ քաղաքապետարանին շրջափակէն ներս:
Ձեռնարկին ներկայ էր եւ ելոյթ ունեցաւ քաղաքապետ Պիլ Պոկարթ, իսկ Հայ Դատի յանձնախումբը կը ներկայացնէին Սուզան Պէրպէրեան, Տօնիկ Տօնապետեան եւ Սինտի Տէրտէրեան:
Տէրտէրեան կը յայտնէ, թէ Փասատինայի հայութեան համար այս քայլը բազմաթիւ կարելիութիւններ իրեն շնորհած քաղաքին հանդէպ երախտագիտութիւն արտայայտելու ձեւ մըն էր՝ կարիքաւորներուն ուրախութիւն եւ յոյս տրամադրելու ճամբով: