ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կլէնտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Նայիրի Նահապետեան կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ Կիրակի, Դեկտեմբեր 13ին Մոնթրոզի բերքի փառատօնին ընթացքին, ան սեղան մը ապահոված է եւ կ.ա. ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1 ներկայ պիտի ըլլայ, խորհրդակցելու համար բոլոր անոնց հետ, որոնք մտահոգութիւններ կամ աաջարկներ ունին կրթաշրջանի գործունէութեան մասին:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հանըլուլու պողոտային վրայ տեղի ունեցող բերքի շուկայի վայրին մէջ: