ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխարհահռչակ աստղագէտ՝ Վիքթոր Համբարձումեանի անունը կրող այգիին մէջ, Դեկտեմբեր 15ին տեղի պիտի ունենայ անոր յուշարձանին բացումը: Ըստ Վ. Համբարձումեանի անուան Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէն Հայկ Յարութիւնեանի, յուշարձանի ստեղծման գաղափարը անոնք յղացած էին քանի մը տարի առաջ, իսկ անցեալ տարի՝ աստղագէտի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով՝ ՀՀ կառավարութիւնը որոշում կայացուցած էր իրականացնել այդ մտայղացումը: