ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային պահեստի երկօրեայ ժողովի աւարտին, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16ին, պահեստի գլխաւոր կառավարիչ Պեն Պըրնենքին յայտարարեց, թէ տնտեսութիւնը կը շարունակէ աճ արձանագրել, մինչ անգործութեան ալիքը սկսած է դանդաղիլ ու վերջին ամիսներուն բնակարանային մարզին մէջ որոշ բարելաւում մը նկատելի է:
Ան դրական համարեց այն իրողութիւնը, որ քաղաքացիները սկսած են աւելի շատ, սակայն չափաւոր կերպով գնումներ կատարել եւ աւելցուց, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ տնտեսական աճը տկար պիտի ըլլայ, մօտիկ ապագային տնտեսութիւնը պիտի սկսի աւելի աշխուժանալ, շնորհիւ դրամատնային մարզը կայունացնելու նպատակով կեդրոնական դրամատան առած քայլերուն:
Ան յայտնեց, թէ այս բոլորին եւ սղաճի լուրջ վտանգի չգոյութեան պատճառով, որոշուած է վարկերու տոկոսները չբարձրացնել, նպաստելու համար տնտեսութիւնը աւելի արագօրէն բարելաւելու ճիգերուն, յատկապէս փոքր գործատէրներուն վարկերու տուչութիւնը դիւրացնելու նպատակով: Նշենք, որ «Թայմ» շաբաթաթերթը իր այս շաբթուան թիւին մէջ 2009ի «Տարուան անձը» ընտրած էր Պեն Պըրնենքին: