ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ Երեւանի «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնի գործադիր տնօրէն Արթուր Ռուստամեանի Դեկտեմբեր 15ին տուած տեղեկութեան՝ իրենց մօտ արձանագրուած են եւս երկու մահուան դէպք, որոնք կրնան խոզի կրիփի պատճառով ըլլալ, որոնք սակայն տակաւին փորձաքննութեամբ չեն հաստատուած իբրեւ այդպիսին:
Ըստ պաշտօնապէս հաղորդուող տեղեկութիւններու, Դեկտեմբեր 16ի դրութեամբ՝ խոզի կրիփով վարակուածներուն թիւը հասած է 86ի: Հանրապետութեան գլխաւոր վարակաբան Արա Ասոյեանը անտեղի կը համարէ բնակչութեան մէջ առաջացած տագնապը՝ հաստատելով, որ «խոզի կրիփ»ով հիւանդացողներուն 95 տոկոսը շատ արագ կը բուժուին:
«Շատ մարդիկ նոյնիսկ տնային պայմաններում մի քանի օրում լիմոնով թէյ են խմում, աւանդական միջոցների են դիմում եւ առողջանում, չեն էլ իմանում, որ հիւանդացել են H1N1ով», ըսած է Ասոյեանը։