ԼՈՆՏՈՆ, «Նիուզ էյ. Ամ».- Դեկտեմբեր 14ին Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին մէջ ներկայացուած է թագաւորական փաստաբան Ճեֆրի Ռոպըրթսընի «Արդեօ՞ք եղած է Հայոց ցեղասպանութիւնը» զեկոյցը, որ կազմակերպուած էր բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբին, Իրաւական նախաձեռնութեան հայկական խումբին, Ուելսի միջազգային յարաբերութիւններու կեդրոնին եւ «Նոր սերունդ» հրատարակչութեան:
Հանդիպման մասնակցած են ներկայացուցիչներ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանէն, «Ֆորէյն Օֆիս»էն (բրիտանական արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւն), շարք մը միջազգային եւ տեղական հասարակական կազմակերպութիւններէն, հայ համայնքէն, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի Հոլոքոսթի յիշատակի խորհուրդէն:
Հանդիպումը բացած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ գործող ՀՀ դեսպան Վահէ Գաբրիէլեան, որ կարեւոր նկատած է Ճ. Ռոպըրթսընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադառնալու հանգամանքը եւ անոր պատրաստած զեկոյցին մէջ արտացոլուած յստակ իրաւական գնահատականներուն եւ անժխտելի որակումներուն փաստը: Դեսպանը Միացեալ Թագաւորութեան նման երկրի մը կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալը համարած է անընդունելի եւ վստահութիւն յայտնած, որ այս զեկոյցը կարեւոր դեր կրնայ ունենալ իրավիճակը շտկելու գործին մէջ: Դեսպանը նաեւ անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի պարագային Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան անփոփոխ դիրքորոշման:
Իր հերթին Ճեֆրի Ռոպըրթսընը ներկայացուցած է իր զեկոյցին նախապատմութիւնը, ինչպէս նաեւ այնտեղ եղած հիմնական շեշտադրումները: Ան նշած է, որ համաձայնած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի վերաբերեալ մասնագիտական իրաւական զեկոյց պատրաստել միայն այն պայմանով, որ անոր մէջ նշուին կառավարութեան (յատկապէս «Ֆորէյն օֆիս»ի) արխիւային փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան արդիւնքով իր իսկ յայտնաբերած փաստերը եւ սեփական դատողութիւնները, ու անոնց ներկայացման հարցին մէջ ան պէտք է ունենայ լիակատար անկախութիւն:
Ան նաեւ շեշտած է, որ նախապէս որեւէ կերպով չէ առնչուած հայկական կամ թրքական որեւէ խնդիրներու եւ զերծ է աւելորդ յուզականութիւններէ՝ այդպիսով ըլլալով անկողմնակալ եւ կարեւոր համարելով խնդրի բացառապէս իրաւական կողմը:
Իր խօսքին մէջ «թագուհիի խորհրդական»ի տիտղոս ունեցող եւ մարդկութեան դէմ յանցանքներու իրաւական հարցերու հեղինակաւոր մասնագէտի համբաւ ունեցող Ռոպըրթսըն՝ անգամ մը եւս մեղադրած է Անգլիոյ կառավարութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան համար բաւարար փաստեր չունենալու, ինչպէս նաեւ բրիտանական հանրութիւնը գիտակցաբար մոլորութեան մէջ դնելու պատճառով:
Ան նշած է, որ եթէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-1916ի պատահածները կատարուէին այսօր, ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը զանոնք պիտի որակէր որպէս Ցեղասպանութիւն, քանի որ այդ երեւոյթի բոլոր բնորոշումները յստակ արտացոլուած են Ցեղասպանութեան կանխարգելման ՄԱԿի հրչակագրին մէջ: Ան աւելցուցած է, որ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան փաստը մերժելու համար Անգլիոյ կառավարութիւնը երբեք չէ ունեցած եւ չունի որեւէ իրաւական հիմք, եւ այդ ժխտողականութիւնը պայմանաւորուած է բացառապէս քաղաքական, առեւտրական եւ ռազմավարական նկատառումներով: Ան հաւաքուածներուն ներկայացուցած է նաեւ Միացեալ Թագաւորութեան «Ֆորէյն Օֆիս»ի արխիւային քանի մը նիւթեր, ուր յստակ կ՛երեւի խորհրդարանը ապակողմնորոշելու քաղաքականութիւնը: Ճ. Ռոպըրթսըն քննադատած է նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանը, որ տասնամեակներ շարունակ չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ հիմնուելով «Ֆորէյն օֆիս»ի անհիմն կարծիքին վրայ, եւ երբեք բաւարար հետեւողականութիւն չէ ցուցաբերած նոյն «Ֆորէյն օֆիս»էն՝ ժխտողականութիւնը իրաւական տեսանկիւնէ հիմնաւորող փաստերու պահանջման հարցին մէջ: