ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նոր Տարուան նուէրներու մասին մտածողներու թիւը հաւանաբար այս տարի աւելի քիչ է քան անցեալ տարի, առաւել քիչ քան նախանցեալ տարի:
Տնտեսական ճգնաժամը անցեալ Նոր Տարիին արդէն իր տգեղ դէմքը ցոյց տուած էր ու ազդած մեր բոլորին վրայ, մղելով բոլորս ալ, որ սեղմենք մեր գօտիները եւ դիմադրենք մեր սիրելիները նուէրներով ուրախացնելու փորձութեան:
Այս Նոր Տարին կը դիմաւորենք այնպիսի պահու մը, երբ աշխարհի տարբեր կողմերէ կը լսուին ճգնաժամի յաղթահարման առաջին ազդանշանները, երբ ամերիկեան տնտեսութեան պատասխանատուներն ու մասնագէտները լաւատես վերլուծումներ կը կատարեն, որոնք, ի մէջ այլոց, դրական ազդակներ կը դառնան գուշակութիւնները իրականութեան վերածելու գործընթացին մէջ:
Այսուհանդերձ, դեռ բաւական հեռու ենք ճգնաժամի ճնշող մթնոլորտէն հոգեպէս ձերբազատուած զգալէ, պարզապէս որովհետեւ մեզմէ շատեր, մեր անմիջական շրջապատէն մեծ թիւով մարդիկ, դեռեւս անգործ են կամ ալ իրենց ձեռնարկութիւնները տակաւին կը թաւալին տագնապալի կացութիւններու մէջ:
Այս պայմաններուն տակ նուէրներու մասին խօսիլը կրնայ քաջութիւն կամ միամտութիւն նկատուիլ: Բայց եւ այնպէս, կան մարդիկ, որոնք համեմատաբար առաւել բարւօք վիճակի մէջ են եւ կրնան մտածել այլոց ուրախացնելու մասին: Այդ շրջանակին դիմելով, կ՛ուզենք յուշել իրենց, որ կրնան օգտուիլ «Ասպարէզ»ի տնօրէնութեան հրապարակած յատուկ նուէր փաթեթէն, որու շնորհիւ կրնան միաժամանակ երկու հարց լուծել («մէկ քարով երկու թռչուն զարնել» պիտի ըսէի, բայց անդրադարձայ, որ այդպէս գրելով կրնայի վիրաւորել կենդանասէր շրջանակները, որոնց մէջ ես ինքզինքս ալ կրնամ դասել):
Մօտիկ անձի մը «Ասպարէզ»ի բաժանորդ դարձնելով (զեղչեալ գինի համար տես այսօրուան էջ 9ի ծանուցում), այդ անձը ամէ՛ն օր պիտի ստանայ ձեր նուէրը եւ տարին շուրջբոլոր հայ աշխարհին հետ պիտի կապուի,: Այսպէս թէ՛ նուէր տուած ըլլալու բերկրանքը կ՛ապրիք, թէ ալ այս ծանր ժամանակներուն հայկական հաստատութեան մը թեւ ու թիկունք դառնալու բաւարարութիւնը կ՛ունենաք:
Իսկ նուէրը վստահ եղէք կը գնահատուի ստացողին կողմէ: Մենք մեր աշխատանքով կը փորձենք ձեզ ամօթով չձգել եւ անպայման գոհ պահել նուէր ստացողը: