ՖՐԵԶՆՕ.- Այսօր կէսօրէ ետք ժամը երկուքին, Ֆրեզնոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ նկարիչ Աշոտ Մելքոնեանի յուղարկաւորութիւնը: Մելքոնեան հայրն է Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի նախկին գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Մելքոնեանին:
Յուղարկաւորութեան հասցէն է՝ St. Paul Armenian Apostolic Church, 3767 North 1st Street, Fresno, CA (corner of 1st Street and Dakota ) .
Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան այս առթիւ ցաւակցութիւն յայտնած է Արմէն Մելքոնեանին:
Նկարիչ Աշոտ Մելքոնեան ծնած է Դոնի Ռոստով, 1930ին: Անոր ընտանիքը 1933ին տեղափոխուած է Գիւմրի:
1997էն ի վեր, ան կ՛ապրէր Ֆրեզնոյի մէջ: Մելքոնեան մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու՝ Հայաստանէն ներս թէ այլ երկիրներու մէջ եւ արժանացած է քանի մը մրցանակներու: