Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի մասնակի ընտրութիւն մը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին, լեցնելու համար Ուէնտի Կրիւլի թափուր մնացած աթոռը, 2րդ ընտրաշրջանին մէջ։
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեան վերջին հանգրուանին հասած երկու թեկնածուներէն մէկն էր։ Ինչպէս ծանօթ է, ան շահեցաւ ընտրութիւնները, մրցակիցին վրայ աւելի քան 13 առ հարիւրի առաւելութիւն մը ձեռք բերելով։
Այս առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կապի մէջ մտաւ ընտրեալ թեկնածուին հետ, շնորհաւորեց զայն եւ յաջողութեան մաղթանքներն ու իր օրհնութիւնները փոխանցեց անոր։
I am very happy for you. Gayane