ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան փակման որոշումէն ի վեր որոշ շրջանակներէ կը լսուին դժգոհութեան ու բողոքի արտայայտութիւններ։ Շատեր հարց կու տան, թէ որքա՞ն «իրաւական» էին այն փաստերը, որոնք գործածուեցան կուսակցութիւնը փակելու եւ այդքան մեծ թիւով գործիչներու քաղաքական գործունէութիւնը հինգ տարի արգիլելու համար։ Նաեւ կը հարցուի, թէ սահմանադրական ատեանը ինչո՞ւ նոյն խստութիւնը ցոյց չի տար Բանուորական կուսակցութեան կամ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւններու նկատմամբ, որոնք հրապարակաւ կ՛ընեն «Էրկէնէքոն»ի «փաստաբանութիւն»ը։
Այս բողոքներուն շարքին, քրտամէտ կուսակցութեան ղեկավարի նախկին տեղակալ Օրհան Միրօղլու Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին «Զաման»ի մէջ կը գանգատի, որ Բանուորական կուսակցութեան դէմ ինչու նման քայլեր չեն առնուիր, հակառակ անոր, որ անոր գրասենեակներէն գտնուեցան «Էրկէնէքոն»ի ահաբեկչական գործունէութեան մասին մեծ թիւով փաստաթուղթ։ Միրօղլու կը պնդէ, որ գլխաւոր դատախազութիւնը «երկու չափ, երկու կշիռ» կը գործածէ։
Միւս կողմէ, քրտամէտ կուսակցութեան ղեկավար Ահմէտ Թիւրք դարձեալ անդրադարձաւ 19 երեսփոխաններու հրաժարումին եւ ըսաւ, որ գիտէ, թէ ժողովուրդը կողմնակից չէր, որ այդ երեսփոխանները հրաժարին, բայց այդ երեսփոխանները իրենց այդ քայլով կ՛ուզեն ցոյց տալ, թէ այս խորհրդարանին մէջ կարելի չէ պաշտպանել քիւրտերու իրաւունքները: «Եթէ խորհրդարանը չի կրնար յարգել գաղափարներու տարբերութիւնը, այն ատեն մենք պէտք է կրկին արժեւորենք մեր գործունէութիւնը։ Այսօր կը բաժնուինք խորհրդարանէն, բայց դարձեալ վերադառնալու համար»։