ՊԸՐՊԷՆՔ.- Հակառակ աննպաստ օդին, Պըրպէնքի շուրջ 50 քաղաքացիներ ներկայ եղան Շաբաթ, Դեկտեբեր 12ին, Պըրպէնքի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած հաւաքին, որ նուիրուած էր Միացեալ Նահանգներու 2010ի մարդահամարին: Հաւաքը տեղի ունեցաւ «Օվրոմ» զբօսավայր-համայնքային կեդրոնին մէջ եւ մարդահամարին մասին տեղեկութեանց կողքին, Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ փոխանցեցին հայութիւնը մտահոգող աշխատանքներուն մասին, որոնք կը կատարուին տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակով:
Նշելով դաշնակցային կառավարութենէն իւրաքանչիւր համայնքին տրամադրուելիք օժանդակութեանց մէջ մարդահամարի տուեալներուն դերը, Պըրպէնքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Կարէն Եղբայրեան յայտնեց, թէ այս առաջին յաջող ձեռնարկէն ետք, որոշուած է այս կարեւոր հարցով համայնքը լուսաբանելու աշխատանքը շարունակել յառաջիկայ ամիսներուն:
Ներկաներուն տեղեկութիւններ փոխանցուեցան նաեւ մարդահամարին համար աշխատելու կարելիութիւններուն մասին ու բացատրուեցաւ, թէ ինչու համար յոյժ կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ նկատի առնուի պետութեան կողմէ:
Ելոյթ ունեցան Պըրպէնքի «Complete-Count» կազմակերպութենէն Նաթալի Օզկուտ եւ Կարէն Եղբայրեան:
Յատկանշական է, որ ներկաներուն մէջ կային երկրորդական վարժարաններու եւ համալսարաններու ուսանողներէն մինչեւ տարեց քաղաքացիներ:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան, 10 տարին անգամ մը մարդահամար պէտք է կատարուի, եւ անոր արդիւնքներուն հիման վրայ է, որ քաղաքները իրենց բաժին ինկած դաշնակցային յատակցումները կը ստանան: