ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը, յաղթական տարի մը եւս արձանագրեց եւ այսօր, սրտի մեծ գոհունակութեամբ հրաժեշտ կու տայ 2009 տարեշրջանին, մեծ ակնկալութիւններով կը դիմաւոէ նոր տարին:
Նոյեմբեր 2008ի ՀՄԸՄի Ներկայացուցչական ժողովէն ընտրուած Շրջանային վարչութիւնը իր լաւագոյնը ի գործ դրաւ յաջողութեամբ իրականացնելու անցեալ տարուան իր ծրագիրները: Շրջանային վարչութեան կազմը գործեց հետեւեալ կազմով. Սթիւ Արթինեան (ատենապետ), Մարօ Քէշիշեան, Ռիմա Աբէդի-Սաղրեան, Յովիկ Պետեւեան, Թովմաս Տէօքմէճեան, Խաչիկ Խալաթեան, Անօ Մանսուրեան, Փիէռ Մանուկեան, Վարդգէս Շխրտըմեան, Ռաֆֆի Խաչատուրեան եւ Ժանօ Գահվէճեան։
Շրջանի ՀՄԸՄի աշխատանքներուն մօտէն հետեւեցաւ եւ իր օգտակար ներդրումը ունեցաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը, յանձնինս շրջանը բնակող իր փոխ-ատենապետ Գօգօ Պալեանին: Անցող տարեշրջանին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութենէն Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանը այցելեցին՝ Քարլոս Սէֆէրեան, Կարպիս Գապասագալեան եւ Միհրան Շիմշիրեան եւ մօտէն ծանօթացան շրջանի ՀՄԸՄի աշխատանքներով:
2009 տարին յատկանշական եղաւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին համար, որուն շարքերը առաւել խտանալով, շատ մը մասնաճիւղեր պարտադրուեցան նոր կեդրոններ որոնել, որպէսզի իրենց հոգածութեան յանձնուած նորահաս սերունդներուն առողջ միջավայր մը ապահովեն:
Առաջին քայլը Շրջանային վարչութիւնը առնելով, ամանորի սեմին, մեծ շուքով իր նոր կեդրոնի բացումը կատարեց: Արեւմտեան ԱՄՆի ՀՄԸՄը հպարտ սեփականատէրը դարձաւ իր բանակավայրին, ուր շրջանի մասնաճիւղերը ինքնավստահութեամբ այլազան ծրագիրներ պիտի իրականացնեն:
Բնական է, այսքանով չէր կրնար բաւարարուիլ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը: Օրէ օր բազմացող ՀՄԸՄի շարքերը աւելիին կը կարօտին: Այսպէս. շրջանի ամենաբազմանդամ ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի ներկայ կեդրոնը նեղ գալով իր բազում ծրագիրներուն, պարտաւորուած երկրորդ կեդրոն մը գնեց, վերանորոգեց եւ գործածութեան յանձնեց բազմահարիւր իր անդամ-անդամուհիներուն: ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղը բաժնեկից դարձաւ շրջանի նոր կեդրոնի գնման եւ իր մարզաւանը ունեցաւ շրջանի նոր Հայ կեդրոնէն ներս:
Ուրախ ենք յայտարարելու, թէ շրջանի ՀՄԸՄին ծնունդ տուած Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, շուտով պիտի տեղափոխուի, շրջանի նորակառոյց Հայ կեդրոնէն ներս, որ կառուցուած է Լոս Անճելըսի սրտին՝ փոքրիկ Հայաստանի մէջ:
Աւելի քան չորս տասնամեակներ շրջանէն ներս գործող Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, այսօր իր 17 մասնաճիւղերով կը հաշուէ աւելի քան ութ հազար անդամ-անդամուհիներ, որոնք միշտ ներկայութիւն են շրջանի հայկական իրականութենէն ներս:
ՀՄԸՄի հոգածութեան յանձնուած երիտասարդ-պարմանուհիները, ընդգրկուելով սկաուտական եւ մարզական բաժանմունքներէն ներս, կը պատրաստուին իբրեւ տիպար քաղաքացիներ եւ մանաւանդ ազգանուէր հայեր:
ՀՄԸՄի բազմանդամ թեւը մարզականն է, որ կը գլխաւորուի Շրջանային վարչութեան նշանակած Շրջանային Մարզական խորհուրդի կողմէ: Անցեալ տարի եւս մարզական կեանքը եռուն էր եւ ըստ երկրի սովորութեան, գլխաւորաբար կեդրոնացած էր պասքէթպոլի վրայ: Բաւական աշխոյժ էր նաեւ ֆութպոլը: Յատուկ կարեւորութիւն տրուեցաւ վոլիպոլի, թենիսի, փինկ-փոնկի, թեթեւ աթլէթի, լողի եւ ճատրակի մարզաճիւղերուն:
Իւրաքանչիւր մարզաճիւղի համար կազմակերպուեցան միջ-մասնաճիւղային մրցումներ, ինչպէս նաեւ շատ մը մասնաճիւղեր մասնակցեցան իրենց քաղաքներու լիկերու մրցաշարքերուն եւ լաւ արդիւնքներ արձանագրեցին:
2009ին, դարձեալ ակնյայտ էր Շրջանային Մարզական խորհուրդի կազմակերպած Քալիֆորնիոյ Հայ Աշակերտական Մարզախաղերը, բոլորին ծանօթ ՔԱՀԱՄը, որուն 25րդը յաջողութեամբ իրագործուեցաւ, մասնակցութեամբ շրջանի հայկական վարժարաններու 2000է աւելի մարզիկ աշակերտ-աշակերտուհիներու:
Աշակերտական եզակի այս մրցումները յատուկ հանդիսութեամբ աւարտեցան 15 Մարտ 2009ին, Կլէնտէյլ Գոլէճի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ: Հպարտօրէն տողանցեցին մրցող խումբերը եւ ստացան ամիսներու մրցակցութեան արդիւնք հանդիսացող յաղթանակի իրենց բաժակները, որոնց յանձնումին մասնակցեցաւ նաեւ հայազգի ծանօթ ֆութպոլի մարզիկ Ալէքօ Իսկանտարեանը:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանը անցեալ տարի եւս մասնակցեցաւ ՀՄԸՄի Գանատայի Շրջանի Մարզախաղերուն Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ», Փասատինայի «Ազատամարտ» եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղերով: Պասքէթպոլի ախոյեան հանդիսացաւ «Ազատամարտ» մասնաճիւղը, իսկ երկրորդ տեղը գրաւեց «Մասիս»ը:
Շրջանային Մարզական խորհուրդը մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ մասնաճիւղերու կազմակերպած միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպեց մարզական պատասխանատուներու եւ մարզիչներու յատուկ սեմինարներ:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանը 68 հոգինոց մարզական պատուիրակութեամբ մը մասնակցեցաւ 1-8 Օգոստոս 2009ին, առաջին անգամ ըլլալով հայրենիքի մէջ կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄական 8րդ Մարզախաղերուն: Հպարտութեամբ պէտք է յայտարարել, թէ շրջանի պատուիրակութիւնը պատմական այս մրցաշարքին, բացի ճատրակէն միւս բոլոր մարզաճիւղերու ախոյեանական բաժակներով վերադարձաւ տուն:
Շրջանի հայկական իրականութենէն ներս, եզակի երեւոյթ ներկայացնող ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ Մարզախաղերը, յատուկ հանդիսութեամբ սկիզբ առին Շաբաթ, 9 Մայիս 2009ի առաւօտեան, Կրիֆիթ զբօսայգիէն դէպի Ռոզ եւ Ալէքս Փիլիպոս ազգ. վարժարանի բակը առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած քայլարշաւով:
Այնուհետեւ, «Նաւասարդեան՝ ընտանեկան աւանդ» կարգախօսով առաջնորդուող եւ լայն ժողովրդականութիւն ունեցող այս մարզախաղերը վայելեցին հովանաւորութիւնը Նաւասարդեանի անցեալի բոլոր պատուոյ նախագահներուն: «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին արժանացաւ ծանօթ ՀՄԸՄական Զաքար Չորպաճեանը: Նաւասարդեանի Յաղթանակի պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Յունիս 2009ի երեկոյեան, CBS Studiosի մէջ, աւելի քան 500 մասնակիցներու:
Ամիսներու հետաքրքրաշարժ մրցակցութիւններէ ետք, մարզախաղերը փակման յատուկ հանդիսութեամբ եզրափակուեցան Ամերիկայի անկախութեան օրուան զուգադիպող 2-5 Յուլիսի շաբաթավերջին, Վան Նայսի Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի շրջափակէն ներս, Նաւասարդեանի առիթով կազմակերպուած չորսօրեայ փառատօնով: Դպրոցի մարզադաշտը այդ օրերուն մարդկային ծովով հեղեղուած էր՝ հազարաւոր հայորդիներու քաջալերական մասնակցութեամբ: Տողանցեց ՀՄԸՄի ողջ ընտանիքը եւ մասնաճիւղերը հպարտութեամբ ստացան յաղթանակի իրենց բաժակները:
Նաւասարդեան Մարզախաղերուն նուիրուած երախտագիտական երեկոն տեղի ունեցաւ 16 Յուլիսի երեկոյեան, Կլէնտէյլի «Գարուսէլ» ճաշարանը:
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ Մարզախաղերու կազմակերպչական աշխատանքները սկսած եւ եւ լաւ ընթացքի մէջ են:
2009 տարեշրջանին մեծ յաջողութիւններ արձանագրեց նաեւ ՀՄԸՄի սկաուտական թեւը, որ Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի գլխաւորութեամբ կարողացաւ նորութիւններով ու հետաքրքրական ծրագիրներով աշխոյժ մթնոլորտ մը ստեղծել սկաուտական կեանքէն ներս:
Շրջանի անցեալի եւ ներկայի խմբապետ-խմբապետուհիները մօտէն հետեւեցան եւ իրենց օգտակար ուղղութիւններով մեծապէս նպաստեցին սկաուտական թեւի հզօրացման:
Իրագործուող վկայեալ կարգի դասընթացքներուն առընթեր, շրջանի արի-արենոյշներէն խմբակ մը մասնակցեցաւ նաեւ Ամերիկեան սկաուտութեան WE4-4-08 Wood Badge ղեկավարներու մարզումի դասընթացքներուն:
Շրջանի սկաուտական բաժանմունքը մնայուն ներկայութիւն եղաւ գաղութի կարեւոր ձեռնարկներուն եւ յաճախ դրօշակի արարողութիւններով ճոխացուցին անոնց յայտագիրները:
Ապրիլին, յատուկ բծախնդրութեամբ կազմակերպուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչման սկաուտական ձեռնարկները, որոնց մասնակցեցան շրջանի բոլոր մասնաճիւղերու սկաուտական բաժանմունքները:
Տեառընդառաջի առիթով, Շրջանային Վարչութիւնն ու մասնաճիւղերու խմբապետական կազմերը դարձեալ հիւրը եղան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին:
ՀՄԸՄի սկաուտական կարգապահ շարքերը, յատկապէս Նաւասարդեան 34րդ Մարզախաղերու բացման ու փակման դրօշակի արարողութիւնները կատարելով, անգամ մը եւս հպարտանքի առիթներ ընծայեցին հանդիսականներուն:
Անցեալ տարի եւս յաջողութեամբ իրագործուեցան արի-արենոյշներու «Շրջուն Շուշանածաղիկ» Սկաուտական Խաղերը, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Իսկ տարուան սկաուտական մեծագոյն աշխատանքը հանդիսացաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնած եւ շրջանի ՀՄԸՄի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի կազմակերպման վստահուած միջ-ցամաքամասային դաստիարակչական բանակումը, որ նուիրուած էր ՀՄԸՄի Վկայեալ Կարգի եւ Խմբապետներու Վերաորակաւորման կարեւոր գործին:
Բանակումը տեղի ունեցաւ 3-7 Սեպտեմբեր 2009ին, շրջանի ՀՄԸՄի Թքույա բանակավայրին մէջ, որուն մասնակցեցան 75 խմբապետ-խմբապետուհիներ ՀՄԸՄի Արեւելեան եւ Արեւմտեան ԱՄՆի, Հարաւային Ամերիկայի, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ շրջաններէն:
Անցեալ տարի եւս գնահատելի արդիւնքներ արձանագրեցին ՀՄԸՄի արիները Ամերիկեան սկաուտութեան (BSA) Verdugo Hills Council-ի կազմակերպած Camporee ծրագրին:
Շրջանային Սկաուտական խորհուրդը աշխատանք կը տանի հարստացնելու ՀՄԸՄի սկաուտական գրականութիւնը, յատուկ շեշտը դնելով ազգային եւ միութենական դաստիարակութեան նպաստող նիւթերու պատրաստութեան վրայ:
Շրջանը կը պատրաստուի լաւապէս մասնակցելու 2010ի Համա-ՀՄԸՄական Ընդհ. բանակումին, որ տեղի պիտի ունենայ 2010ի ամրան, հայրենիքի մէջ:
Լուրջ աշխատանք տարուեցաւ բարեզարդելու շուրջ 25 էյքըր տարածութիւն ունեցող ՀՄԸՄի Թքույա բանակավայրը, որ ունի իր գլխաւոր յանձնախումբն ու զանազան ենթա-յանձնախումբերը, որոնք ամէն ջանք կը թափեն դիւրացնելու բանակավայրէն ներս իրագործուող ծրագիրները:
Այսօր, անվարան կարելի է յայտարարել, որ ՀՄԸՄի Թքույա բանակավայրը արդիական իր բոլոր միջոցներով տրամադրելի է գաղութին:
2324 Colorado Blvd., Los Angeles, CA 90041 հասցէով, Մայիս 2007ին սեփական կեդրոնի մը իրականացումը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց ՀՄԸՄի ընտանիքին մէջ: Հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու ծառայող այս կեդրոնը ունի աշխատանքային լաւ պայմաններ: Կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքները աւարտած ըլլալով, 13 Դեկտեմբերին, հանգամանօրէն անոր բացումը կատարուեցաւ, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութեամբ:
Անցեալ տարեշրջանին եւս Շրջ. վարչութիւնը շարունակեց իր սերտ գործակցութիւնը ՀՄԸՄի Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններուն հետ: Այս ծիրէն ներս, շրջանի ՀՄԸՄը հիւրընկալեց Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող ՀՄԸՄի երեք շրջաններու Շրջանային վարչութիւններու միջ-դիւանային եւ Սկաուտական խորհուրդներու տարեկան հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ 7-8 Փետրուար 2009ին, շրջանի ՀՄԸՄի նոր կեդրոնէն ներս:
Գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած այս հանդիպման ընթացքին մասնակիցները ծանօթացան շրջաններու գործունէութեանց, անոնց կարեւոր նուաճումներուն, դժուարութիւններուն եւ յատկապէս քննեցին ՀՄԸՄը յուզող հարցեր: Երկօրեայ ժողովներուն մասնակցեցաւ Կեդր. Վարչութեան փոխ-ատենապետ Գօգօ Պալեան:
ՀՄԸՄի երեք շրջաններու Շրջանային վարչութեանց դիւաններու ժողովին առընթեր տեղի ունեցաւ նաեւ նոյն շրջաններու սկաուտ ղեկավարներու միօրեայ հանդիպումը:
Երկօրեայ հանդիպումներէն անկախ, ժողովականները առիթը ունեցան մասնակցելու ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի սկաուտական կիրակնօրեայ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ այցելեցին ՀՄԸՄի Թքույա բանակավայրը, որ ձիւնածածկ ըլլալով բացառիկ գեղեցկութիւն մը կը պարզէր:
Բոլոր մասնակիցներն ալ անհուն գոհունակութեամբ հրաժեշտ առին, Փետրուար 2010ին, Մոնթրէալի մէջ դարձեալ հանդիպելու հեռանկարով:
Դաստիարակչականի իմաստով, Շրջանային Դաստիարակչական յանձնախումբը աշխատանք տարաւ ամբողջացնելու ՀՄԸՄականի մը համար խիստ անհրաժեշտ նկատուող ուղեցոյց գիրքը, որ արդէն իսկ իր վերջնական հանգրուանին հասած է:
Յանձնախումբը փորձեց մասնաճիւղերուն հետ առանձնաբար հանդիպիլ եւ ուղղութիւններ տալ անոնց վարչական եւ այլ կազմակերպչական աշխատանքներու նկատմամբ: Օգտակար այս աշխատանքը պիտի շարունակուի յառաջիկային եւս:
ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան փողերախումբը շարունակեց փայլք տալ ՀՄԸՄի ներքին եւ շրջանի հրապարակային ձեռնարկներուն: Փողերախումբի հրամցուցած ազգայնաշունչ քայլեղանակները, ՀՄԸՄականի ոգին միշր վառ պահեցին մեր քոյր-եղբայրներուն մէջ, իսկ հանրութիւնը խրախուսելով առաւել բարձրացուցին անոնց համակրանքը երիտասարդ մեր կազմակերպութեան հանդէպ:
Դեկտեմբեր 5ին, անոնք ընկերակցեցան Մոնթրոզի Ս. Ծննդեան մասնակցող ՀՄԸՄի Սկաուտական խումբերուն, իսկ Կիրակի, 6 Դեկտեմբերին, առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի ամանորեայ շքերթին, մեծապէս յուսադրելով շրջանի հայութիւնը:
ՀՄԸՄի փողերախումբը, գլխաւորելով ՀՄԸՄի ՔԱՀԱՄի եւ մանաւանդ Նաւասարդեան շքերթները հպարտանքի պահեր հրամցուց ոչ միայն ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին, այլ նաեւ զայն քաջալերող շրջանի հայութեան:
ՀՄԸՄը շարունակեց իր աշխատանքներու մասին տեղեակ պահել հանրութիւնը տեղական ու հայկական գրաւոր եւ բանաւոր մամուլի միջոցաւ: Շաբաթական դրութեամբ, ՀՄԸՄի լուրերը հրապարակուեցան «Ասպարէզ»ի շաբաթօրեայ թիւերուն մէջ:
Յատուկ ակնածանքով հրաժեշտ կու տանք 2009 տարեշրջանին եւ նորանոր նուաճումներու հեռատեսութեամբ կը դիմաւորենք 2010 տարեշրջանը, այն հաստատ համոզումով, որ միացեալ ուժերով կարելի է հրաշքներ գործել:
Առիթը պատեհ նկատելով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը իր անսահման շնորհակալութիւնները կը յայտնէ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամ-անդամուհիներուն, շրջանի պատկան մարմիններուն եւ քոյր կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց անսահման ծառայութիւններով նպաստեցին ՀՄԸՄի վերելքին: Մեր Յատուկ շնորհակալութիւնները Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, որ իր օրհնութիւնները երբեք չզլացաւ ՀՄԸՄին:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ:
ՀՄԸՄԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ
ՇՐæԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ