ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ըստ «Սապահ»ի, Դեկտեմբեր 29ին, խումբ մը թուրք մտաւորականներ նամակով մը դիմած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին, խնդրելով որ ան ներում շնորհէ Իսքէնտէրունցի Սարգիս Հացպանեանին, որ 3.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է Հայաստանի մէջ։
Դիմում կատարող մտաւորականնրուն կարգին են Իսմայիլ Պէշիկճի, Ֆիքսէթ Պաշքայա, Միխայիլ Վասիլիատիս, Րակըպ Զարաքօլու։ Ստորագրողներուն թիւը մօտաւորապէս 30 է։ Անոնք դիտել տաուած են, որ Հացպանեան ձերբակալուած ու բանտարկութեան դատապարտուած է 2008 թուականի նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին իր արտայայտած գաղափարներուն պատճառաւ։