ՔԻԵՒ, «ՓանԱրմինիըն».- Շուտով Փարաջանովի եւ Տովժենքոյի գլուխգործոցները հնարաւոր կը դառնան դիտել նոր որակով՝ շնորհիւ Տովժենքոյի անուան շարժապատկերի սթիւտիոյէն ներս բացուած ժապաւէններու թուային վերականգնումի բաժնին:
Ժապաւէնի պատճէնահանումէն (scanning) ետք կը կատարուի թուային մշակումը: Համակարգչային ծրագիրները կը ճշդեն գոյնը, կը հարթեցնեն քերծուածքները եւ կը կայունացնեն շրջանակը (frame, cadre):
Տովժենքոյի անուան ֆիլմադարանին մէջ կայ մօտ 1000 շարժապատկեր: Նոր տարրալուծարան-աշխատանոցին մէջ մէկ տարուայ ընթացքին կը վերականգնեն 30 շարժապատկեր: Մէկ ֆիլմի վերականգնումի ծախսը 45 հազար տոլար է: