ԱՆԳԱՐԱ.- «Սի.Էն.Էն թուրք» հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ յայտնած է, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու սերտացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած գործընթացը կապ չունի Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու խնդրին հետ:
«Թուրք-հայկական եւ Հիւսիսային Կիպրոսի հարցերը որեւէ կապ չունին Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելուն հետ», յայտարարած է նախագահ Կիւլ:
Ըստ Կիւլի, եւրոպական որոշ ուժեր կը մտադրեն չարաշահել այս հարցերը ընդդէմ Թուրքիոյ, յայտնելով, որ այդ հարցերու առկայութիւնը կը խոչընդոտեն Թուրքիոյ մուտքը Եւրոպական Միութիւն: