ՊԱՔՈՒ.- Նոր տարուան առիթով իր ժողովուրդին ուղղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ ներկայ դրութեամբ ատրպեճանական բանակը կարողականութիւնը, մարտունակութիւնն ու հայրենասիրական ոգին ունի իր դիմաց ցցուած բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ բռնագրաւուած տարածքները ազատագրելու։
«Ազեր Թաճ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ալիեւ յայտարարած է, որ սպառազինման իմաստով Ատրպէյճան իր կարելիութիւններուն ծիրը ընդարձակած է։ Ըստ անոր, պաշտպանողական իմաստով արդէն Ատրպէյճան բաւական ճամբայ կտրած է եւ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է։
«Մեր ռազմական ներուժը օրըստօրէ աճ կ՛արձանագրէ եւ պիտի շարունակէ արձանագրել։ 2010 թուականը այդ իմաստով կարողականութիւնը համալրելու յարմար տարի մը պիտի ըլլայ», նշած է Ատրպէյճանի նախագահը։ Ան աւելցուցած է. «Մենք կրնանք մեր բոլոր կարելիութիւնները օգտագործել Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, հայ-ատրպեճանական տագնապի լուծման համար»։
Ալիեւ անգամ մը եւս յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը բանակցութիւններու նիւթ չէ, չէ եղած եւ երբեք պիտի չըլլայ. «Լեռնային Ղարաբաղը պիտի չդառնայ անկախ պետութիւն», հաստատած է ան՝ աւելցնելով, որ ատիկա անկարելի է առանց Ատրպէյճանի համաձայնութեան, իսկ Ատրպէյճան երբեք համաձայն պիտի չգտնուի նման բանի մը։ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերն ու ատրպէյճանցիները պէտք է ապրին ինքնավարութեան կարգավիճակի ծիրին մէջ եւ այդ իմաստով պէտք է կիրարկուի համաշխարհային ամէնէն առաջաւոր փորձը», նշած է ան։
Ալիեւ դիտել տուած է, որ Ատրպէյճան պիտի օգտագործէ քաղաքական, տնտեսական, դիւանագիտական եւ այլ բոլոր կարելիութիւնները, որպէսզի մօտիկ ապագային արդարօրէն եւ միջազգային իրաւունքներու սկզբունքներուն հիման վրայ լուծէ այս հարցը, որպէսզի «Ատրպէյճանի քաղաքացիները կարելիութիւն ունենան շուտով վերադառնալու իրենց հողերը»։ Ան աւելցուցած է, որ միեւնոյն ատեն Ազրպէյճան պիտի ամրապնդէ իր զինուորական ներուժը եւ մեծապէս պիտի օգտուի անկէ։ «Ատրպէյճանի բանակային յառաջդիմութիւնը կը կատարուի ներքին կարելիութեան հաշւոյն։ Բնականաբար, ատիկա մեր ներքին գործն է», ըսած է Ալիեւ։