«ՄԱՐՄԱՐԱ».- «Պուկիւն» թերթը Կիրակի օր հետաքրքրական հարցազրոյց մը հրատարակած էր Թուրքիոյ երկարամեայ դեսպան Ինալ Պաթուի դստեր Փէլին Պաթուի հետ։ Փէլին Պաթու վերջերս մասնակցած էր Մուրատ Պարտաքճըի հետ կայացած յայտագրի մը ու ծանր յարձակումներու ենթարկուած էր «Հայկական Ցեղասպանութիւն» բացատրութիւնը գործածած ըլլալուն համար։ Մինչեւ իսկ սպառնալիքներ ու ծանր նախատինքներ ստացեր էր, բայց հակառակ այս բոլորին, ան կը մտածէ որ Թուրքիոյ մէջ մարդիկ հիմա աւելի կակուղցած են։
Փէլին Պաթու կը պատմէ, որ իբր դեսպանի դուստր, մանկութեան շրջանին ստիպուած էր ապրիլ զանազան երկիրներու մէջ։ ԱՍԱԼԱի շրջան էր, իր հօր պաշտօնակիցներէն կորսնցուցած էր շուրջ քառասուն պաշտօնակիցներ, ուստի միշտ կ՛ապրէին զրահապատ կառքերու մէջ ճամբորդելով ու հակափամփուշտ ապակիներու ետին շնչելով։ Ասիկա շատ նեղացուցիչ էր, իր հայրն անգամ կը գանգատէր այս հակափամփուշտ ծանր ապակիներէն, որովհետեւ կարելի չէր զանոնք բանալ ու օդ առնել։ Իսկ ինք ու ընտանիքը միշտ վախցած են, որ իր հայրն ալ կրնար սպաննուիլ։
Գալով Հայկական Ցեղասպանութիւն բացատրութիւնը գործածած ըլլալուն, Փէլին Պաթու կ՛ըսէ որ, հակառակ որ հարիւր տարի անցած է, մարդիկ այս պատմութիւնները լսելով է որ կը մեծնան։ Կը մտածէ որ կարգ մը հարցեր կան թէ՛ հայերու տեսակէտին, թէ՛ թուրքերու տեսակէտին մէջ։ Այս պատճառաւ ալ ճիշդ չէ անցեալի մէջ պատահածներուն վրայ հիմնուելով ինքնութիւն ստեղծել։ Ինք Հայաստան ալ գացած է ու լաւ շրջած է։ Երեւանը հրաշալի է, հոն մարդիկ ուրախութիւն յայտնեցին երբ լսեցին որ ինք թուրք էր։
Փէլին Պաթու ճիշդ կը գտնէ Թուրքիոյ կառավարութեան բացուելու քաղաքականութիւնը, մանաւանդ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցին մէջ։ Գալով Ճէ-Հէ-Փէի, այս կուսակցութիւնը կարծես պիտի ցաւի եթէ լուծում մը գտնուի։ Ինք այսպէս կ՛ըսէ հակառակ որ իր հայրն ու մեծ հայրն ալ Ճէ-Հէ-Փէցի են։ Ինք նոր Ճէ-Հէ-ՓԷ մը կ՛երազէ առանց Տէնիզ Պայքալի։