ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Պատճառաբանելով տօնական հանդիսութիւնները՝ Երեւանի քաղաքապետարանը արգիլած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախատեսած Յունուար 11ի հանրահաւաքը «Մոսկուա» շարժա-պատկեր–թատերասրահին դիմաց, փոխարէնը, ըստ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Ռուբէն Մարգարեանի՝ կուսակցութեան արտօնութիւն տրուած է զայն կազմակերպել Շահումեանի անունը կրող հրապարակին վրայ, ուրկէ հանրահաւաքի մասնակիցները երթով պիտի շարժին դէպի Սահմանադրական դատարան:
Նշենք, որ բողոքի այս քայլը պիտի ուղղուի հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ, որոնք այժմ կը գտնուին Սահմանադրական դատարան, իսկ քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 12ին:
Մարգարեանի տուած տեղեկութիւններով՝ երթի մասնակիցները Սահմանադրական դատարանին առջեւ հանդէս պիտի գան յայտարարութեամբ եւ զայն պիտի փոխանցեն ՍԴ նախագահին: Հանրահաւաքին պիտի մասնակցին արձանագրութիւններուն դէմ 14 կուսակցութիւններ: