ՓԱՐԻԶ.- Աշխարհի յայտնի համալսարաններու մէջ իսլամ կրօնի մասնագէտ, բանսէր, ակադեմիկոս, Զուիցերիոյ մահմեդական կազմակերպութեան նախագահ Թարիք Ռամատանը հրապարակայնօրէն ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը: Ֆրանսերէնով հրատարակուող հայկական «Նուվէլ Տ՛արմենի Մակազին»ին տուած իր բացառիկ հարացազրոյցին մէջ, իսլամ գիտնականը յայտնած է, որ ինք տեղեակ է եւ կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
«Ինծի համար Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական փաստը կասկածի առարկայ չէ եղած: Չենք կրնար ժխտել այն, որ ատիկա եղած է առարկայական եւ պատմական Ցեղասպանութիւն», յայտնած է Ռամատան: Ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով լոյս տեսած աւելի քան 35 գիրքերու հեղինակ Ռամատան աւելցուցած է: «հերքումը իմ կրօնի սկզբունքներուն դէմ է, նաեւ դէմ է մարդկային խղճմտանքին: Մենք չենք կրնար հերքել պատմական իրադարձութիւնները»:
ayss ghedz jebidine yedev khoramang aghvess me ga
intch al ella arabe’e islam gam votch, tem e tourkine (osmantsi) dirabedoutian
anonk djezmetsine arabe joghovourtner’e
Davit oghloun yerazine metch goud ge dessné(gheghdz phd – kenadz(bazarèn) martoug’e
don’t forget