ԿԱՊԱՆ,– Կապանի մէջ գտնուող զօրամասին մէջ, Յունուար 7ին կայացած է 2010ի առաջին երդման տօնական արարողութիւնը, որուն ընթացքին՝ իրենց ծնողներու ներկայութեամբ՝ 60 զօրակոչիկներ երդուած են ծառայել իրենց հայրենիքին: Երդման արարողութենէն յետոյ՝ ծնողներուն եւ զինուորական ծառայողներուն ողջունած է զօրամասի հրամանատար, փոխգնդապետ Սամուէլ Յակոբեան: