ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Թուրքիոյ սահմանադրական ատեանին կողմէ անցեալ Դեկտեմբերին փակուած քրտամէտ Ժողովրդավարական հասարակութիւն կուսակցութեան նախկին անդամ երեսփոխաններն ու անկախ պատգամաւոր Ուֆուք Ուրաս, Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն նորակազմ կուսակցութեան կազմին մէջ առաջին խորհրդակցութիւնները կատարած են։ Կուսակցութեան խմբակցութեան ժողովին խօսք առած է կուսակցութեան ղեկավար Տեմիր Չելիքը։ Ան քննադատած է Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները, զանոնք պատասխանատու նկատելով տեղի ունեցած բացասական իրադարձութեանց համար։
«2.5 միլիոն քուէ ստացած կուսակցութիւն կը փակեն, ընտրուած քաղաքապետները բանտեր կը նետեն։ Եւ այս բոլորը՝ ժողովրդավար Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարութեան օրօք», ըսած է Չելիք եւ աւելցուցած. «2009ը դիմակները պատռելու տարին եղաւ։ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը մէկ նպատակ ունի՝ պահպանել իր իշխանութիւնը։ Քիւրտերը բանտեր կը նետէ, գործադուլ ընող աշխատաւորները արցունքաբեր կազով կը ցրուէ։ Իշխանութիւնը ամէն հարցի մէջ միջամուխ կ՛ըլլայ, սակայն դրական ոչինչ կ՛ընէ, եւ այս է անոր քաղաքական մարտավարութիւնը։ Քրտական հարցի կարգաւորման նախաձեռնութիւն, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նախաձեռնութիւն, ալաուիներու հարցի կարգաւորման նախաձեռնութիւն, լաւ մինչեւ հիմա իշխող կուսակցութիւնը ո՞ր նախաձեռնութիւնը արդիւնքի հասցուցած է»:
Թուրքիոյ սահմանադրական ատեանը Դեկտեմբեր 11, 2009ին որոշեց փակել քրտամէտ Ժողովրդավարական հասարկութիւն կուսակցութիւնը, 5 տարիով քաղաքականութեամբ զբաղուելու իրաւունքէն զրկելով այդ կուսակցութեան 37 անդամներ, որոնց շարքին՝ երկու պատգամաւորներ։ Պոլսոյ մէջ ընտրուած անկախ երեսփոխան Ուֆուք Ուրասի խմբակցութեան միանալուն շնորհիւ արգիլեալ կուսակցութեան երեսփոխանները պահեցին խորհրդարանին մէջ խմբակցութիւն կազմելու հնարաւորութիւնը, նոր կուսակցութեան մը հովանիին տակ։